
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 8ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «A Perfect Injustice: Genocide and Theft of Armenian Wealth» հատորին ներկայացումը: Ներկայ պիտի ըլլայ հատորի համահեղիանկ Հրայր Քարակէօզեանը:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին:
Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/10145.html համացանցային կայքէջը: