ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թրքական «Սթար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով փոխնախագահ Սուատ Քընըքլըօղլու յայտնած է, որ պայմաններու բերումով, Թուրքիա գրեթէ դարձած է Արցախի հարցը միջնորդող Մինսկի խումբի համանախագահ:
Առանց լուսաբանելու, թէ Թուրքիա ի՞նչ հանգամանքով ինքզինք միջնորդ կը նկատէ, ան անգամ մը եւս փորձած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կապել Արցախի տագնապը լուծելու աշխատանքներուն:
«Եթէ նոյնիսկ դանդաղ կ՛ընթանայ, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Մենք կ՛ուզենք, որ այդ գործընթացը հասնի իր նպատակակէտին, սակայն միաժամանակ կը փափաքինք, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչութեամբ քայլեր իրականացուին», յայտարարած է Քընըքլըօղլու՝ բերելով հետեւեալ օրինակը. «Երկու հոգի ճամբայ կ՛ելլեն ինքնաշարժով, սակայն կը պայթի ինքնաշարժին անիւը։ Հիմա մենք կը փորձենք նորոգել այդ անիւը։ Յարաբերութիւններու կարգաւորումը շրջանային հարց է։ Եթէ կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորումը եւս պիտի դրուի շոգեկառքի գիծի վրայ, եւ Հարաւային Կովկասը պիտի վերածուի Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիի։ Հայերը կ՛ըսեն, որ նախապայման չկար, սակայն եթէ նոյնիսկ արձանագրութիւններուն մէջ չի յիշատակուիր ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, սակայն կը խօսուի շրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման մասին», նշած է Քընըքլըօղլու՝ ընդգծելով, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը շրջանի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող հակամարտութիւն է։
«(Արցախի) Հարցին կարգաւորման համար կը նկատուի դիւանագիտական աշխոյժ երթեւեկ։ Թուրքիա, առանց անունը նշուելու, գրեթէ դարձած է Մինսկի խումբի համանախագահ։ Չեմ կրնար ըսել, թէ կարգաւորման գործընթացը ինչպիսի՛ ելք պիտի ունենայ, սակայն յոյսով եմ, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին», յոյս յայտնած է ան՝ միաժամանակ ազդարարելով, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ձախողութիւնը Կովկասի մէջ լարուածութիւնը աւելի եւս պիտի սրէ: