ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Մարտ 30ին, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր ցաւն ու ընդվզումը վերջին օրերուն իրեն դէմ ստեղծուած շարժումին կապակցութեամբ: Շիրինօղլու ըսաւ. «Մենք հիւանդանոցի անունով ժամադրութիւն խնդրած էինք վարչապետարանէն։ Մեր նպատակն էր մեզի վերադարձուած երկու կալուածներուն համար շնորհակալութիւն յայտնել, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր հիւանդանոցի թանգարանին բացման հանդիսութեան իր բերած մասնակցութեան համար։ Ունէինք նաեւ հիւանդանոցի հանդիպակաց ընդարձակ տարածութեան հարցը։ Ինչպէս գիտէք, հիւանդանոցի մայր դրան ճիշդ դիմացը 44 արտավար տարածութեամբ հող ունէինք, եւ այդ հողը գրաւուած էր։ Մեծայարգ վարչապետին խնդրանք ներկայացուցինք, որպէսզի այդ հողաշերտը մեզի վերադարձուի»։
Շիրինօղլու յայտնեց, որ ինք չէ՛ր, որ ինքզինք վարչապետին ներկայացուցած էր իբրեւ հայ համայնքի պետ, սակայն աւելցուց, որ հինէն ի վեր ընդունուած է, որ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետը համայնքին ղեկավարն է։
Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ ինք եւ վարչապետը Ցեղասպանութեան հարցին մասին ոչինչ խօսեցած են, այլ պարզապէս վարչապետին ըսած է, թէ «Մենք Հայաստանի հետ սրտի կապ ունինք, բայց մեզի համար կարեւոր են Թուրքիոյ շահերն ալ»:
«Սխալ մեկնաբանուեցան նաեւ իմ այն խօսքերը, թէ՝ ասոնք այս խնդիրը փակել չեն ուզեր։ Ես միայն ըսի, որ կարգ մը երրորդ պետութիւններ այս խնդիրը փակել չեն ուզեր, եւ ամէն անգամ, երբ իրենց ի նպաստ բան մը պահանջեն ու Թուրքիոյ կողմէ մերժուին, փայտին ծայրը հայերը կապելով՝ թուրքը տփելու կ՛ելլեն», աւելցուց ան:
Նշենք, որ Շիրինօղլու թուրք լրագրողներուն հետ խօսելու ընթացքին ըսած էր, թէ հայ համայնքը յատկանշական նեղութիւններ ու գանգատներ չունի։ Այս խօսքը քննադատուեցաւ որոշ շրջանակներու կողմէ։ Շիրինօղլու ասոնց ակնարկելով՝ կրկնեց, թէ համայնքը մեծ նեղութիւններ չունի, եւ եթէ ունենայ իսկ, «համայնքին յառաջադէմ անձերուն հետ այս մասին կը խօսինք ու հանրապետութեան նախագահին կամ վարչապետին կը փոխանցենք»։ «Կարեւոր նեղութիւն մը եթէ ըլլայ, արդէն պատրիարքարանը շարժման կ՛անցնի։ Մենք պատրիարքարանը ոտնակոխ չենք ըներ», ըսաւ ան։
Շիրինօղլու ինքզինք պաշտպանեց նաեւ այն մեղադրանքին դէմ, ըստ որուն, ինք ըսած է, թէ կը յուսայ, որ Հայաստանը դաս կը քաղէ անցեալէն։ «Ես միայն Հայաստանին մասին չըսի, ես ըսի, որ Թուրքիա ու Հայաստան դաս կը քաղեն անցեալէն», աւելցուց ան: