Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին, Անգարայի փաստաբաններու գրասենեակի անդամ Պենտել Ճելիլ Էզման, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջքով դիմած է Անգարայի դատարաններէն մէկուն։
Էզման իր դիմումով կը պահանջէ՝ «Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դատապարտել Թալիաթ փաշան եւ անուանափոխել անոր պատուին անուանակոչուած բոլոր փողոցները»։ Ան նաեւ կը պահանջէ պատժել ծայրայեղ ազգայնամոլներու՝ Թալիաթ փաշայի յանձնախումբին անդամները:
«Նման դատավարութիւն, առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ: Թուրքիա պէտք է հաշուի նստի իր պատմութեան եւ անցեալին հետ», յայտարարած է փաստաբան Էզման, որ մասնակցած էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հայերէն ներում խնդրելու ստորագրահաւաքի արշաւին։
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ՝ «Չէ՞ք վախնար ձեր առած քայլին առնչութեամբ հնարաւոր հակազդեցութիւններէն»՝ թուրք փաստաբանը յայտարարած է. «Եթէ ինծի բան մը պատահի, ատիկա կ՛ըլլայ Աստուծոյ կամքով»։
Փաստաբանը նշած է, որ դատարանը չէ արտօնած իրեն ներկայացնել Ցեղասպանութեան առնչուող 1918ի եւ 1922ի դատավարութեանց փաստաթուղթերը: