ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի թղթակից Նեշէ Տիւզել Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերուն վերաբերեալ հարցազրոյց մը կատարած է թուրք պատմաբան Սելիմ Տերինկիլի հետ, որուն պատասխանները կը յատկանշուին իրենց համարձակութեամբ: Տերինկիլ յայտնած է, որ 1915ին, «Երիտասարդ թուրքերը ջանացած են բնաջնջել ամբողջ հայ բնակչութիւնը»։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Երիտասարդ թուրքերէն առաջ հայերու կոտորածներ եղա՞ծ են՝ Տերինկիլ յայտնած է. «Այո՛, տեղի ունեցած են, սակայն սուլթան Ապտուլ Համիտի եւ երիտթուրքերու միջեւ տարբերութիւնը այն էր, որ երիտթուրքերը նպատակ ունէին ամբողջութեամբ բնաջնջել հայ բնակչութիւնը, իսկ Ապտուլ Համիտը նման նպատակ չունէր: Ան կը փափաքէր ձերբազատուիլ որոշ հայերէ, պակսեցնել անոնց դերը տնտեսութեան մէջ, եւ հայերուն փոխարէն՝ ստեղծել իսլամական քաղքենի դասակարգ մը»։
Պատմաբանը աւելցուցած է, թէ այդ օրերուն Անատոլիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ կային հայեր: «Այսինքն՝ ամէն տեղ հայ կար: Հայերու կոտորածները տեղի ունեցած են տարբեր քաղաքներու մէջ: Ներկայիս պաշտօնական պատմագրութիւնը կը նշէ, որ բոլոր այդ վայրերուն մէջ տեղի ունեցած են հայերու ապստամբութիւններ, սակայն անոնց մեծ մասը ապստամբութիւններ չէին: Պաշտօնական պատմագրութեան նշած ապստամբութիւններուն մեծ մասին կարելի չէ ապստամբութիւն որակումը տալ:
Պետութեան Զինուած ուժերուն բաւական կազմակերպուած եւ յաջող դիմադրութիւն ցոյց տուած է Զէյթունը: Հայերու ապստամբութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ Վանի եւ Սեբաստիոյ մէջ, սակայն կոտորածները տեղի ունեցած են շարք մը այլ վայրերու մէջ: Ուրֆայի մէջ հայկական շատ լուրջ կոտորածներ տեղի ունեցած են:
Այն հարցումին, թէ որքա՞ն հայ ջարդուած է Ապտուլ Համիտի ժամանակաշրջանին, պատմաբանը ըսած է, թէ Հայոց պատրիարքարանի տուեալներուն համաձայն, 1894-1897 թուականներուն կոտորուած են 300 հազար հայ: «Հնարաւոր է, որ այս թիւը ուռճացուած ըլլայ: Սակայն, իրականութիւն է, որ Ապտուլ Համիտի ժամանակաշրջանին զգալի թիւով հայ կոտորուած է»: Ան նաեւ հաստատած է, թէ կոտորածներէն փրկուելու համար որոշ թիւով հայեր նաեւ իսլամացած են, միաժամանակ աւելցնելով, թէ նոյնիսկ իսլամանալու փափաք յայտնող հայեր սպաննուած են:
Տեղահանութեան ընթացքին սպաննուած հայերու թիւի առնչութեամբ, ան կը խօսի 800 հազար զոհերու մասին:
Պատմաբանը նաեւ կ՛աւելցնէ. «Հանրապետութեան սկիզբը 300 հազար հայեր կային Թուրքիոյ մէջ, իսկ հիմա այդ թիւն ալ իջաւ 70 հազարի։ Բնաջնջումը անպայման սպաննելով չի կատարուիր։ Եթէ կեանքը մարդոց անկարելի դարձնէք, անոնք կը ձգեն ու կ՛երթան։ Մինչ Օսմանեան շրջանին հայերը կրնային բարձրանալ մինչեւ պետութեան ամենաբարձր դիրքերը, Թուրքիոյ հանրապետութեան շրջանին հայերը բացարձակապէս չեն կրնար մտնել արտաքին գործոց նախարարութենէն, ոստիկանական կամ զինուորական շարքերէն ներս»։
Ան նաեւ կը քննադատէ Թուրքիոյ պատմաբանները՝ ըսելով. «Պատմաբանները գիշեր ցերեկ պետութեան պաշտօնական տեսակէտները փաստել կը ջանան։ Անոնք կ՛աշխատին, որպէսզի փաստեն, թէ շատ անհիմն են հայերուն պնդումները։ Արդէն միայն պատերազմէն ետք յայտնի դարձաւ, թէ 1915ին, Անատոլուի մէջ հայ կիներու դէմ որքա՛ն լուրջ առեւանգումներ, սպանդներ ու բռնաբարութիւններ կատարուած էին։ Այդ թուականներուն որդեգրուած մանչ եւ աղջիկ հայ մանուկներուն թիւը կը գնահատուի 300 հազարով։ Ասիկա ալ քննութեան կարօտ կէտ մըն է»։