ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 6-7ին, պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլ Սարքոզիի հետ Էրտողանի հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին Թուրքիան Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու կարելիութիւնները, Իրանի հիւլէական հարցը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ այլ հարցեր։
«Զաման»ի համաձայն, հաւանաբար քննուի նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը՝ նկատի ունենալով, որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երեք երկիրներէն մէկն է։