ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Ցեղատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) պատուիրակութիւնը, Մարտ 23-26ի միջեւ այցելած է Հայաստան, ուր տեղեկատուութիւն ստացած է 2006ի իր զեկոյցին մէջ իշխանութիւններուն հասցէագրուած առաջարկներու իրականացման մասին, եւ քննարկած է ընթացող նոր զարգացումները։
Ըստ նշեալ յանձնաժողովի բանբեր Սթեֆանի Մարսալի, Երեւանի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է համապատասխան բոլոր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն, պաշտօնեաներուն եւ իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ։ Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելած է փախստականներուն համար նախատեսուած վայրեր, ազգային փոքրամասնութիւններով բնակեցուած գիւղեր ու շրջաններ։
Իր տուած այցելութենէն ետք յանձնաժողովը պիտի մշակէ համապատասխան զեկոյց մը, որուն միջոցով իշխանութիւններուն պիտի ներկայացնէ առաջարկներու նոր շարք՝ ցեղատեացութեան, ցեղային խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ տարուած պայքարին գծով։