ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին ներկայ գտնուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ջղա-անօթային (neurovascular-Խմբ.) վիրաբուժութեան կեդրոնի բացումին: Արարողութեան մասնակցած են նաեւ ՀԲԸՄի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Նազար Նազարեանը եւ ՀԲԸՄի տնօրէններու Կեդրոնական խորհուրդի անդամներ:
Նորակառոյց կեդրոնը ունի արդիական սարքաւորումներ, իսկ անձնակազմը երեք տարուան վերապատրաստման ընթացք անցուցած է արտասահմանեան արդիական դարմանատուներէ ներս:
Այս ծրագիրին իր աջակցութիւնը բերած է ՀԲԸՄը եւ բարերար Նազար Նազարեանը, որ կատարած է 1.7 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն: