ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն թրքական կառավարութիւնը յաջորդական կերպով վատ լուրեր կը ստանայ։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր յարատեւ քաղաքականութիւնը լուրջ վնասներ կրեց, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբը, Շուէտի խորհրդարանը եւ Սպանիոյ մէջ Քաթալոնիոյ Շրջանային խորհրդարանը որդեգրեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծեր։
Թուրք ուրացողները կը սարսափին Հայկական Ցեղասպանութեան իննսունհինգերորդ տարեդարձի նախօրեակին այդ պաշտօնական ճանաչումներէն։ Անոնք աւելի եւս ահազանգուած վիճակի մէջ կը գտնուին այն իրողութեան պատճառով, որ Պուլկարիոյ, Իսրայէլի, Սերպիոյ, Սպանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանները մօտ օրէն՝ Ապրիլին, նոյնանման բանաձեւեր պիտի քննարկեն։
Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ունէր այն սխալ տպաւորութիւնը, թէ վեց ամիս առաջ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները վերջ պիտի դնէին միջազգային համայնքին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քայլերուն։ Իրականութեան մէջ, Թուրքիա այդ արձանագրութիւնները կը դիտէր իբրեւ վերջին ջանք՝ արմատախիլ ընելու համար այդ ձեւի ճանաչումները ապագային։ Անոր չարակամ ռազմավարութիւնը գրեթէ յաջողեցաւ, տրուած ըլլալով, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւերը թէ՛ Սպանիոյ եւ թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ որդեգրուեցան միայն մէկ քուէի տարբերութեամբ։ Այդ բանաձեւերուն հակառակորդները յատկապէս ակնարկեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «հաշտութեան»՝ իբրեւ պատճառ անոնց դէմ քուէներուն։
Մտահոգ այդ զարգացումներով եւ ներքին հարցերու պատճառաւ շեղումներ ունենալով՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հաւանաբար բաւական ուշացումով, նախաձեռնած է շարք մը քայլերու՝ յուսալով արգիլել յաւելեալ պարտութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին գծով։
Այդ քայլերը կը տարուբերին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համարձակութիւնը ունեցող երկիրներու դէմ խիստ եւ բուռն միջոցառումներու եւ միջազգային հանրութեան մէջ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն հանդէպ պատշաճ մօտեցում ունենալու խաբէական տպաւորութիւնը ձգող աւելի կակուղ միջոցառումներու միջեւ։
Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն դէմ բուռն միջոցառումներուն շարքին են.
* Դեսպանը տուն կանչել
* Զինուորական համաձայնութիւններ ջնջել
* Ապրանքներու դէմ պոյքոթ հռչակել
Անցեալ շաբաթ թուրք պաշտօնատարներ նորութիւն մը աւելցուցին՝ սպառնալով քրէական գործ յարուցել ցարդ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած աւելի քան քսան երկիրներու դէմ։ Ասիկա մէկն է թուրք ղեկավարներու այն բազմաթիւ խաբէութիւններէն, զորս մերթ ընդ մերթ կը գործածեն ապաքաջալերելու համար յաւելեալ երկիրներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Ես ճշմարտապէս կը յուսամ, որ Թուրքիա գործադրէ այդ սպառնալիքը՝ նկատի ունենալով, որ անիկա համաշխարհային քարոզչութիւն մը պիտի ստեղծէ հայերուն դէմ գործուած ջարդերուն համար։ Որեւէ արդարամիտ, ոչ թրքական դատարան մը, անմիջապէս պիտի արձակէ այդպիսի մակերեսային դատ մը:
Արեւմուտքի հանրային յարաբերութիւններու գործակալներու խորհուրդին հետեւելով՝ կակուղ ձեռնոցներ գործածելու Թուրքիոյ աւելի խելացի մարտավարութիւններ են.
* Հայկական շարք մը պատմական եկեղեցիներ նորոգելը, մինչ հազարաւոր ուրիշներ վերածուած են մզկիթներու, ախոռներու, բնակարաններու կամ պարզապէս աւերակներու։
* Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, տարին մէկ անգամ սահմանափակ թիւով մարդոց համար սահմանափակ ժամանակով պատարագ ընելու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուած արտօնութեան «ողորմած» արարքը։ Այս աշխարհահռչակ պաշտամունքի տունը պաշտօնապէս նշուած է իբրեւ զբօսաշրջութեան վայր եւ ոչ՝ եկեղեցի:
* Հայաստանէն գաղթական ընտանիքներու զաւակներու՝ Պոլսոյ մէջ հայկական սեփական դպրոցներ յաճախելու իրաւունքին դէմ դրուած արգելքը վերացնելու հաւանականութեան քննարկում:
* «Ցուցադրութեան» հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, վարչապետ Էրտողանի եւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի տնօրէնին միջեւ, որ անճիշդ կերպով անուանուեցաւ՝ Թուրքիոյ հայկական համայնքի ղեկավար։ Այդ հանդիպումը աւելի յարմար է նմանցնել իր տիրոջ մօտ ստրուկի մը հրաւիրուելուն։ Հանդիպումէն ետք Պետրոս Շիրինօղլու, պարտականութիւնը լիուլի գիտնալով՝ թրքական մամուլին հաղորդեց, թէ 1915ը պարզապէս երկար տեւած վէճ մըն է երկու սիրալիր բարեկամներու միջեւ, գրգռուած երրորդ կողմերէ: Ան նշեց, թէ իր մեծ հայրը զոհերուն շարքին էր, բայց նոյնպէս են նաեւ բազմաթիւ թուրքեր: Շիրինօղլու ինքզինք մեղադրեց եւ Էրտողանի ներողամտութիւնը խնդրեց հարիւր հազար հայ գաղթականները երկրէն դուրս դնելու սպառնալիքին ուղղութեամբ, նշելով, որ մեծցուած թիւը իր սխալն էր, եւ ոչ՝ վարչապետինը։
* Վերջապէս, արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու անցեալ շաբաթ Հայկական Սփիւռքը պառակտելու նոր դաւ մը հնարեց՝ սահմանափակ յաջողութիւն մը արձանագրելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ճամբով Սփիւռքն ու Հայաստանը իրարմէ բաժնելու իր փորձին մէջ։ Արդարեւ, Տաւութօղլու յայտարարեց, թէ թրքական իշխանութիւնները պիտի նախաձեռնեն «երկխօսութեան» մը՝ «Սփիւռքի տրամաբանող հայերուն» հետ, այսինքն՝ այն անտարբեր հայերուն, որոնք իրենց եսասիրութեան եւ սեփական շահերուն համար կրնան Հայկական Դատը ծախել։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ կապեր պիտի հաստատուին հայ «մտաւորականներու, համալսարաններու եւ քաղաքային ընկերութիւններու» հետ։
Յստակ է, որ թուրք պաշտօնատարներ ամէն ձեւի միջոցառումներու կը դիմեն, ներառեալ՝ ձախողած արձանագրութիւններուն շահագործումը՝ արգիլելու համար յաւելեալ երկիրներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Հայաստանն ու Սփիւռքը պէտք է աչալուրջ եւ միակամ ըլլան, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան իննսունհինգերորդ տարեդարձի նշման նախօրեակին, որպէսզի զոհ չերթան թրքական սադրանքներուն, դրդումներուն եւ ծուղակներուն։
Յարութ Սասունեան
«ՔալիՖորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր