Անխախտ հաւատք՝ ազգօգուտ ծրագրի մը իրականացման ի խնդիր, եւ անսահման նուիրում ու ծառայութիւն՝ այդ ծրագրի գոյատեւման համար։ Ահա այս նուիրական զգացումներն են, որոնք 28 տարիներէ ի վեր կանգուն կը պահեն «Մերտինեան» հայ աւետարանական վարժարանը։ Սկսած 13 աշակերտներով եւ մէկ դասարանով, այսօր ան ունի մանկամսուրէն մինչեւ միջնակարգի 8րդ կարգ, ուսումնական բարձր մակարդակ: Ան 12 տաիրներէ ի վեր վարկաւորուած է WASC-ի կողմէ եւ կը վայելէ Քալիֆորնիոյ հայ գաղութի յարգանքն ու գնահատանքը։

Նուիրումի եւ ծառայութեան կենդանի օրինակ մըն էր վարժարանի Հոգաբարձութեան 28րդ տարեկան ճաշկերոյթի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 7ին, Կլենտէյլի «Փալատիօ» սրահին մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ աւետ. եկեղեցիներու խորհուրդի վարիչ տնօրէն, վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետ. միութեան հովիւ վեր. Ժոզեֆ Մաթոսեանը, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Սթիվըն Ահարոնեանը, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանը, նաեւ հայր Կոմիտաս Թորոսեանը, որ կը ներկայացնէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, նախկին տնօրէններ Արամ Պուլղուրճեանը եւ Գափրիէլ Ինճէճիկեանը, Կիլիկիա հայ աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Գէորգ Դերեանը, Միացեալ հայ աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճէյսըն Մաթոսեան, երկար տարիներէ ի վեր վարժարանիս թիկունք կանգնող իրաւաբան Ճորճ Ֆիլիփս, Անայիս Տէրեան, Ճէրի Թըրբէնճեան եւ ուրիշներ։
Բարի գալուսի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ տոթք. Հրայր Աթիկեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ճաշկերոյթը կազմակերպող Տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ բոլոր ներկաներուն, ապա նշեց վարժարանի հետզհետէ աճող կարիքները, բայց մանաւանդ նոր շէնքի մը կառուցման հրամայականը, եւ խօսքը աւարտեց հետեւեալ մէջբերումով. «Այն ինչ կ՛ընես քեզի համար՝ կը մեռնի քեզի հետ, իսկ այն, ինչ կ՛ընես ուրիշին համար՝ կ՛ապրի յաւիտեան»։
Երեկոյին պաշտօնական բացումը կատարեց օրուան հանդիսավարը՝ վարժարանիս ծնողներէն իրաւաբան Աբրահամ Աթթէոքէնեանը։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Մերտինեան»ի տարած նուիրական աշխատանքին համար, անոր մաղթելով առաւել յաջողութիւններ ու վերելք, միաժամանակ յիշեցնելով ներկաներուն, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին սրտին պարտքը պէտք է ըլլայ սատարել անոր բարօրութեան։
Վեր. Գէորգ Դերեանի աղօթքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Սթիվըն Ահարոնեանը՝ փոխանցելու Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խօսքը։ Ան բարձր գնահատեց վարժարանին առաքելութիւնը, անոր հաստատաքայլ ընթացքը, եւ աւելցուց. «Մենք ու «Մերտինեան» վարժարանը գործակիցներ ենք»՝ մեծ հրճուանք եւ վստահութիւն ներշնչելով հաստատութեան ծաղկումին ի խնդիր աշխատող կամաւորներու ստուար խումբին։
Ապա ներկաները հաճոյքով ունկնդրեցին ազգային-ժողովրդական երգերու փունջ մը՝ կատարողութեան անուանի երգիչ Գագիկ Բատալեանի։
Ընթրիքէն ետք տոթք. Միհրան Աղպապեան ներկայացուց օրուան պատգամաբերը՝ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանը։ Շրջանաւարտ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն՝ ան եղած է դասախօս նոյն համալսարանին մէջ ու ստացած է Լիբանանի նախագահական «Մայրիներու շքանշան»ը։ Աւելի ուշ եղած է Պալթիմորի «Ճան Հափքինզ» բժշկական համալսարանի դասախօսներէն եւ արժանացած է «Golden Apple» մրցանակին։ Հայաստանի մէջ նախ մշակած է հանրային առողջապահութեան ծրագիր մը՝ բժշկութեան ճիւղէն ներս, ապա, մաս կազմելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարնի անձնակազմին՝ դարձած է դասախօս, տնօրէն եւ նախագահ։ 2001ին, ան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին, իսկ այժմ հաստատուած է Լոս Անճելըս եւ կը դասախօսէ UCLA համալսարանին մէջ։
Դոկտ. Արմէնեան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնն ու հայ ոգին պահելու մասին, եւ շեշտեց, որ շատ հեշտ է ըլլալ թէ՛ հայ եւ թէ ամերիկացի կամ այլ երկրացի, եթէ լաւապէս ճանչնանք մեր հարուստ մշակոյթը։ Ապա, խօսելէ առաջ հայ դպրոցներու եւ ի մասնաւորի «Մերտինեան»ի առաքելութեան մասին՝ ան հարց տուաւ. «Ի՞նչն է, որ մեր երեխաներն ու թոռները պիտի ժառանգեն մեզմէ։ Ես մտահոգութիւն չունիմ, որ անոնք նիւթական բաւական բարեկեցիկ կեանք պիտի ունենան։ Սակայն անոնց ապագան որչափո՞վ պիտի հաղորդուի մեր ունեցած անցեալի ու ներկայի արժէքներով, ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի այն տեսլականով, զոր մեր նախնիները փոխանցեցին մեզի։ Ահա հոս կը գտնուի հայ դպրոցին առաքելութիւնը. եկէ՛ք չզլանանք կատարելու այն զոհողութիւնները, որոնք մեզմէ կը պահանջուին՝ հայ դպրոցին համար»։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վարժարանիս տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանը, որ ներկայացուց դպրոցին ուսումնական յաջողութիւնները, եւ անոր յարատեւ վերելքին ի խնդիր տարուած աշխատանքները, ապա ներկայացուց օրուան մեծարեալներէն առաջինը՝ Մակի Թօփալեանը, որ 25 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ վարժարանիս նախամանկապարտէզի բաժինին մէջ իբրեւ վարիչ տնօրէնուհի եւ ուսուցիչ։ Բեմ հրաւիրելով մեծարեալը՝ տնօրէնն ու Հոգաբարձութեան ատենապետը անոր յանձնեցին գնահատագիր-յուշատախտակ մը եւ ոսկեայ ապարանջան մը։
Յաջորդ մեծարեալներն էին վարժարանիս երաժշտական մարզին մէջ կամաւոր կերպող ծառայող տիկիններ Լուսինա Աղպապեան-Հապըրտ, Ֆրանսիս Տէմիրճեան եւ Հուրիկ Ապտիւլեան. զանոնք ներկայացուց Տիկնանց օժանդակ մարմինէն Ռիթա Մէնէշեանը, ապա յաջորդաբար բարձրանալով՝ անոնք ստացան իրենց գնահատագիր-յուշատախտակները։
Վարձքը կատար բոլոր մեծարեալներուն. թող անոնց ծառայասիրութիւնը ըլլայ վարակիչ, եւ ազգանուէր գործընթացը շարունակողներուն շարքը ըլլայ անծայր։
Երեկոն վերջ գտաւ վեր. Վահան Թութիկեանի փակման խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)