ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը Ապրիլ 1ին պաշտօնական ձեւակերպում տուած է՝ համախմբուելու եւ «Կլոր սեղան» ձեւաչափով քննարկումներ կազմակերպելու քաղաքական ուժերուն ուղղած իր կոչին։
Այդ գծով, կուսակցութեան նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան յայտնած է, թէ իրենք իրենց կոչը պաշտօնապէս ներկայացուցած են 5՝ Հայաստանի Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Օրինաց Երկիր, ՀՅԴ կուսակցութիւններուն եւ Հայ ազգային կոնգրես ընդդիմադիր դաշինքին, ու մինչեւ Ապրիլ 9 պիտի սպասեն անոնց արձագանգին։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, վերջերս «Ժառանգութիւն»ը համախմբուելու եւ «Կլոր սեղան» ձեւաչափով քննարկումներ կազմակերպելու կոչով դիմած էր հայաստանեան շարք մը քաղաքական ուժերու, որոնք տակաւին չէին արձագանգած կոչին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.