ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- «Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիուզ»ը հրապարակած է թուրք լրագրող Մեհմետ Ալի Պիրանտի յօդուածները՝ գրուած երեւանեան այցելութենէն ետք: «Սի.էն.էն Թուրք» լրատուական կայանի յայտնի խմբագիր Պիրանտը այն եզակի անձերէն մէկն է, որուն առջեւ, 1990ականներու առաջին կէսին Հայաստան մտնելու համար, բացուեցաւ հայ-թրքական սահմանային Մարգարայի կամուրջը:
Մեհմետ Ալի Պիրանտ իր յօդուածներուն մէջ իրական չի համարեր այն առասպելը, թէ՝ հայերը այնքան աղքատ են, որ կ՛ուզեն ըստ հնարաւորինս շուտ բացուի հայ-թրքական սահմանը:
«Ատիկա կրնար իրական ըլլալ 1990ականներուն», կը գրէ Պիրանտ՝ աւելցնելով, որ այս այցելութեան ընթացքին ան զարմացած է տեսնելով Երեւանն ու անոր փողոցները, խանութները եւ ճաշարանները:
«Չեմ ըսեր, թէ բոլորը հարուստ ու ճոխ կեանք կ՛ապրին, բայց աղքատութիւնը արդէն աչքի չի զարներ… Եթէ սահմանները փակ ալ մնան, Հայաստանը աղքատութենէն չի մեռնիր…», նշած է ան:
Մեհմետ Ալի Պիրանտ կը նկատէ, թէ Հայաստանի մէջ փոխուած են նաեւ Թուրքիոյ հանդէպ պատկերացումները: Յիշելով, թէ անցեալին, Հայաստանի մէջ «թուրք» կ՛անուանէին թէ՛ թուրքերը, թէ՛ ազերիները՝ երկուքն ալ թշնամի նկատելով, սակայն ներկայիս, Թուրքիոյ հանդէպ վերաբերմունքը խառն է, իսկ Ատրպէյճանի հանդէպ՝ դարձեալ միայն թշնամական:
Մեհմետ Ալի Պիրանտի կարծիքով, այդ պատկերացումներու փոփոխութեանց մէջ առանցքային դեր ունեցած է Հրանդ Տինքը՝ իր մահով: Անոր սպանութենէն ետք, երբ Պոլսոյ մէջ մարդիկ դուրս եկան փողոց՝ «Մենք հայ ենք», «Մենք Հրանդ Տինքն ենք» պաստառներով, Հայաստանի մէջ որոշ մարդիկ սկսան քիչ մը տարբեր աչքով նայիլ թուրքերուն: