ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.ամ».- Թրքական «TRT Haber» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած է 2007ի Յունուարի 19ին, «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի հարցաքննութիւնը՝ ոստիկանութեան կողմէ, որուն ընթացքին յայտնի դարձած է, թէ ան նոյնիսկ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեակ չէ:
Անդրադառնալով ոստիկաններու հետ լուսանկարուելու հարցին ստեղծած գայթակղութեան՝ մարդասպանը նշած է, որ ոստիկանները զինք կը ճանչնան ու կը սիրեն, աւելցնելով, որ ոստիկանները յաճախ իր թաղամասը կ՛այցելէին ու հետը կը զրուցէին: Հարցազրոյցին մէջ նաեւ կը պարզուի, թէ Սամասթն էր այն անձը, որ աւելի կանուխ, հեռախօսով կեղծ ահազանգ տուած էր, թէ Տրապիզոնէն ճամբայ ելած վարչապետ Էրտողանի ինքնաթիռին մէջ ռումբ կայ:
Սամասթ նաեւ յայտնած է, թէ ան ծեծած է Տրապիզոնի քահանաներէն Սանթորօն, որ աւելի ուշ սպաննուած էր:
Մարդասպանը նոյնիսկ չէ հարցուցած Եասին Հայալին, թէ ինչո՞ւ վերջինս չի սպաններ Հրանդ Տինքը, եւ իրեն յանձնարարած է այդ գործը:
Տեսագրութեան մէջ Սամասթ սառնասրտօրէն կը պատմէ ոճիրին կազմակերպման ու գործադրութեան մասին: