ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագրի պաշտօնաթերթէն՝ «Հայ Շարժում»էն, կը տեղեկանանք, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Ապրիլ ամսուան երկրորդ կիսուն՝ կազմակերպութեամբ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին:
Ուրբաթ, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Էյ. Փիթըրզ» սրահի թիւ 191 սենեակին մէջ դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան «Էմ.Այ.Թի.» համալսարանէն դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան ու Կլենտէյլի համայնքային համալսարանէն դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան: Դոկտ. Տէր Մաթոսեան պիտի խօսի Օսմանեան կայսրութեան օրերուն «Հայկական դրամագլուխ»ի ազդեցութեան մասին, իսկ դոկտ. Մարաշլեան պիտի անդրադառնայ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութեան ու հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, նոյն սենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ լրագրող եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հատորի հեղինակ Մայքըլ Պոպէլեան, որ պիտի խօսի Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով Միացեալ Նահանգներու մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 29ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, նոյն վայրին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած նուազ հանրածանօթ հայ հեղինակներու մասին դասախօսութիւն մը պիտի տայ Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի այցելու դասախօս դոկտ. Աբրահամ Տէրեանը, որ նաեւ պիտի խօսի Ցեղասպանութեան ընթացքին իսլամացած հայերու մասին:
Նաեւ, Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի Հայ ուսանողներու միութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 23ի կէսօրին կազմակերպած է ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Անտրէաս Պորկէաս: Ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «ազատ բեմ»ի շրջանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.