ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի եւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի ու Ծխական խորհուրդին, Մարտ 23ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Գէորգ Ա. սրկ. Փանոյեանի նոր հրատարակուած «Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շարականներու եղանակներու խմբաւորումը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը՝ վեր առնելով հեղինակին հմտութիւնը հայ շարականներուն եւ անոնց եղանակներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.