ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կազմակերպած եւ Ապրիլ 12-13ին կայանալիք հիւլէական ուժանիւթի եւ զէնքերու ապահովութեան երաշխաւորման հարցերու նուիրուած միջազգային գերաստիճանը, որուն պիտի մասնակցին 47 երկիրներու ներկայացուցիչներ, դարձած է շարք մը այլ միջազգային հարցերու քննարկման առիթ:
Անոնցմէ մէկն է անշուշտ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան բարեկարգումը, որ, հակառակ Թուրքիոյ ցուցաբերած նախնական վերապահութեան, պիտի քննարկուի գերաստիճանին զուգահեռ կայանալիք շարք մը հանդիպումներու ընթացքին:
Ուրբաթ, Ապրիլ 9ին, կամ գերաստիճանէն քանի մը օր առաջ միայն, ամերիկացի կազմակերպիչները անակնկալօրէն իմացան, որ Միջին Արեւելքի մէջ հիւլէական զէնքեր ունեցող միակ երկրին՝ Իսրայէլի, վարչապետը որոշած է չմասնակցիլ ժողովին:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախապէս յայտարարած էր, թէ ժողովին պիտի մասնակցի՝ քննելու համար հիւլէական զէնքերը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն հեռու պահելու համար առնուելիք քայլերը, սակայն վերջին վայրկեանին, ան որոշած է չներկայանալ ժողովին, շատ հաւանաբար որովհետեւ մասնակիցներէն ոմանք կրնային նեղ կացութեան մատնել Իսրայէլը, որ կը շարունակէ լուռ մնալ իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ եւ չէ ստորագրած հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող միջազգային դաշինքը:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Թուրքիան եւ Եգիպտոսը մտադիր են բարձրացնել Իսրայէլի հիւլէական զէնքերուն հարցը եւ քննադատել հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող միջազգային դաշինքը չստորագրելու Իսրայէլի կեցուածքը:
Յիշեցնենք, թէ Մարտ 23ին տեղի ունեցած Նեթանիահուի Սպիտակ տուն այցելութիւնը շատ հաճելի չէր թուացած՝ սովորաբար իբրեւ ընտանիքի մէկ անդամ հիւրընկալուող Իսրայէլի վարչապետին, որովհետեւ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ընդդիմանալ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ բնակեցման ապօրինի բնակարաններ կառուցելու Իսրայէլի քաղաքականութեան:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ Օպամա-Նեթանիահու անջատ հանդիպում մը չէր ծրագրուած գերաստիճանին օրերուն:
Վարչապետ Նեթանիահուի փոխարէն, Ուաշինկթընի ժողովին Իսրայէլը պիտի ներկայացնէ հիւլէական հարցերու նախարար եւ փոխվարչապետ Տեն Մերիտորը։