ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Շատ յաճախ մեր անմիջական կողքին եղող արժէքները կարծում ենք յաւերժ են, եւ սովորական ենք նկատում նրանց աշխատանքը: Սակայն յետադարձ հայեացքով տեսնում ենք, որ պատմութիւնը կերտուել է նաեւ այդպիսի մարդկանցով, եւ ժամանակի հեռաւորութիւնը բարձրացրել եւ կարեւորել է նրանց: Արդեօք կարելի՞ է տուեալ ժամանակում հնարաւորին չափ աւելի գիտակցել այդ մարդկանց նուիրուածութիւնը, կամ աւելի լաւ պայմաններ ստեղծել նրանց գործունէութեան համար:
Այսպիսի մտքեր էին տողանցում իմ մէջ, երբ այս տարուայ Փետրուար ամսին դիտում էի Սարգիս Մահսէրէճեանի հեղինակած՝ «Վարդան Մամիկոնեան Արցախի մէջ» թատերական ներկայացումը, Մխիթարեան դպրոցի աշակերտների դերակատարութեամբ (բեմադրութիւնը՝ հայերէնի ուսուցչուհի Արփի Տապպաղեանի): Այս դպրոցը աւանդութիւն է դարձրել աշակերտների ուսումնա-դաստիարակչական ծրագրում ներառել մանկապատանեկան թատերական բեմականացումներ՝ ազգային-հայրենասիրական, կրօնական, կենցաղային, կատակերգական թեմաներով, որոնք իրականացնում են դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհիները (նման գործ է արել նաեւ Արսինէ Շահմելիքեանը): Երկար տարիներ է նրանց աշխատանքին օգնութեան է հասնում Սարգիս Մահսէրէճեանը՝ աշակերտների համար թատերգութիւններով: Հետաքրքիր էր իմանալ մանուկների ու աշակերտների համար սիրելի նիւթեր մշակող Մահսէրէճեանի այս «քովնտի» մասնագիտութեան գաղտնիքները, որի համար ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Եղել էք Պէյրութի «Ազդակ» թերթի խմբագիր, նաեւ քաղաքական մեկնաբան էք, գրախօսում էք գրքեր, ազգային առաջնորդարանի դիւանապետն էք: Ինչպէ՞ս կապուեցիք մանկական թատրոնին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ մանկութեանս ու պատանութեանս տարիներուն, երբ աշակերտ էի, մեր ուսուցիչները մեզ բեմ կը հանէին հմայող մանր թատերգու-թիւններով։ Աշխատանքային ասպարէզիս սկզբնական տարիներուն, եղած եմ ուսուցիչ, ունիմ մանկավարժական որոշ պատրաստութիւն ու փորձառութիւն։ Աշակերտներու հետ ունեցած փորձառութիւնս կեանքիս հաճելի էջերուն մաս կը կազմէ։ Ուսուցչական ասպարէզիս օրերուն, Պէյրութ, գրած եմ աշակերտական քանի մը թատերգութիւններ։ Այդ ասպարէզէն հեռանալէս ետք ալ, առիթներ ունեցած եմ նման աշխատանքներ տանելու եւ կապս չեմ խզած մանուկներու եւ աշակերտներու հետ: Գիտէ՞ք, թատրոնը բազմերես դասընթացք է, անուղղակի եւ տպաւորիչ ուսուցումի ձեւ մը։
Լոս Անճելըս հաստատուելէս կարճ ատեն մը ետք, պայմաններու բերումով այս կալուածին մէջ գործակցութեան ու բարեկամութեան առիթը ստեղծուեցաւ գլխաւորաբար Մխիթարեան վարժարանին հետ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.-Ինչպէ՞ս ստացուեց Ձեր կապը Մխիթարեան դպրոցի հետ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մխիթարեան դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արփի Տապպաղեանը, որ ընտանեկան հարազատս է, ծանօթ էր աշակերտներու յատուկ թատերական մշակումներու իմ փորձառութեանս, փափաքեցաւ ունենալ անցեալի գրածներս, օգտագործելու իր աշակերտներուն համար: Ասիկա առիթ եղաւ վերականգնելու եւ աւելի հիմնաւոր ձեւով թուղթին յանձնելու իւրաքանչիւր նիւթ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք թատրոնի ազդեցութիւնը մանուկների վրայ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ ընենք հաստատում մը. մանուկները, պատանիները կը սիրեն թատրոն խաղալ։ Երբ մանուկին ու պատանիին հետ աշխատանք կը ստեղծես իր սիրած նիւթերով, բնագաւառով, այս պարագային՝ թատրոնի ճամբով, ահա կը բացուի աշակերներու հոգիներուն մէջ մարդկային առաքինութիւններ ներմուծելու եւ տարբեր արժէքներով զայն անուղղակիօրէն դաստիարակելու միջոցը։ Երբ մանուկը կը մարմնաւորէ դրական կերպարը, ինքնաբերաբար կը փորձէ նմանիլ անոր եւ կը վանէ բացասականը: Մանկավարժը անուղղակի կերպով, մանուկին սիրած ձեւով կը մտցնէ անոր մէջ վեհն ու մարդկայինը, ձեւով մը կը կոփէ անոր նկարագիրը: Հաճելին եւ օգտակարը կը միանան իրարու:
Ըսեմ նաեւ, որ իմ առաջին նպատակս է թատրոնի միջոցով մանուկներուն ներարկել հայերէնախօսութիւն եւ ազգային ոգի: Օտարախօսութեան ովկիանոսին մէջ, մանուկը փորձերու ժամանակ հարկադրաբար պիտի խօսի հայերէն, իսկ ազգային ոգին անոր կը փոխանցեն իր մարմնաւորած կերպարները. աշակերտը հպարտ պիտի զգայ մարմնաւորելով Քաջն Վարդանը կամ Արցախի ֆետայիները, Փոքր Մհերը կամ մերօրեայ հայրենասէր հայ մը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր գրութիւններում, հետաքրքիր է տեսնել հեռու անցեալի պատմական իրողութիւնների եւ ներկայ օրերի անցուդարձերի համադրումը, միաժամանակ ներկայացումը: Ի՞նչ միտումով էք այդ կատարել:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը նախընտրեմ շեղիլ դասական ձեւերէ, մանուկին համար ստեղծելով իրեն ծանօթ միջավայրին ու իր առօրեային համապատասխան դիպաշար, մթնոլորտ: Օրինակի համար, փոխանակ Աւարայրի պատերազմը ներկայացնելու, ձեւը կը գտնեմ Վարդան Մամիկոնեանը եւ Ղեւոնդ Երէցը բերելու Արցախ: Մանուկին համար հրաշապատումն ու երեւակայականը անծանօթ տարրեր չեն, դրանք հաճելի են։ Ուրիշ հերոս մը՝ Լուսիկը, երազային պահու մը կ՛երթայ Ցեղասպանութեան զոհ գացած տիպարներու ծանօթանալու եւ զրուցելու անոնց հետ: Ուրիշ տեղ մը աշակերտը ճամբորդութիւններ կը կատարէ ժամանակի մէջ (չէ՞ որ պատկերասփիւռէն ալ նման դէպքերու ականատես կ՛ըլլայ այլապէս), կը տեսնուի Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ: Նպատակը՝ անցեալն ու ներկան նոյն յայտարարի բերելն է. աշակերտը ձեւով մը ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ մեր արժէքներուն հետ, կը զգայ, թէ հերոսութիւնը միայն անցեալի համար չէ, այսօր եւս ան կրնայ ծառայել ազգին եւ ըլլալ հերոս:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մի քանի խօսք Ձեր մանկական թատերգութիւնների մասի՞ն…
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թատերական գրութիւններս տասնեակէ աւելի են. մէկ մասը ինքնագիր է, մնացեալը՝ մեր մանկագիր գրողներու գործերէն՝ հեքիաթներէ ու պատումներէ մշակումներ են, պատշաճեցում։ Չեմ յաւակնիր զանոնք կոչել թատերական գործ, այլ՝ աշակերտներու համար որոշ նիւթերու թատերական մշակում, ինչպէս ըսի՝ որոշ նիւթերու պարզեցում ու մանուկներու կարողութեանց համապատասխան ներկայացում: Հակառակ որ մանուկներուն հետ ուղղակի չեմ աշխատիր, սակայն 10-12 տարուան փորձէ ետք ուրախ եմ ըսելու, որ մշակումներս դիւրութեամբ կ՛ընկալուին աշխակերտներուն կողմէ, կը սիրեն նիւթն ու մատուցման ձեւը։ Ասոր մէջ մեծ է եւ կարեւոր՝ ուսուցիչներուն ճիգն ու նուիրումը։ Ըսեմ նաեւ, որ գրութիւնները մշակած եմ այն ձեւով, որ ուսուցիչը կրնայ ներմուծել երաժշտական ելոյթ, ասմունք, նուագ կամ ինչ որ կը ցանկայ, այդ թատրոնը կրնայ վերածել տարեկան հանդէսի:
ՀԱՐՑՈՒՄ.-Որքանո՞վ արդարացրին Մխիթարեան դպրոցի աշակերտները Ձեր թատերական գրութիւնների բեմականացումները, եւ արդեօք Մխիթարեան միաբանութեան մշակութային աւանդները նշանակութիւն ունէին այդտեղ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լաւ զուգադիպութիւն մը կը մատնանշէք այստեղ: Մխիթարեանները հայկական թատրոնի ծնունդի եւ զարգացման պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են. իսկ այս թատրոնը պզտիկ արձագանգ մըն է այդ ճանապարհին: Եթէ անցեալի աւանդութիւնը չըլլար, թերեւս դպրոցի տնօրէնութիւնը նոյնքան հոգածու ու նախանձախնդիր մօտեցում չունենար։ Ըսեմ նաեւ, որ այս դպրոցը ինքն իր մէջ աւանդութիւն մը ստեղծած է արդէն. օրինակի համար, «Վարդան Մամիկոնեան Արցախի մէջ»ը բեմադրուած է 2000ին, 2003ին եւ 2010ին: Դպրոցի պատասխանատուները ոչ միայն կը քաջալերեն նման աշխատանքներ, այլ աւելին, ստեղծած են այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր ծնողները ամբողջական նուիրումով կ՛օգնեն ուսուցիչներուն: Ամէն տարի մեծ գոհունակութեամբ դիտած եմ բեմադրութիւնները: Ծնողները կը մասնակցին բեմայարդարումին, տարազներու ձեւաւորման ու կողմնակի աշխատանքի այլ մասերուն։ Նկատած եմ, որ հայերէնախօսութեան կողքին, աշակերտներուն մէջ կը դրսեւորուի համարձակութիւն, ի յայտ կու գան բեմական տաղանդներ։ Մինչեւ իսկ արձանագրուեցաւ պարագայ մը, ուր հայերէն չխօսող մանուկ մը բեմին վրայ կարեւոր դեր մը կատարեց անսխալ հայերէնով, զարմանք պատճառելով դպրոցի տնօրէնին…
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք հայկական դպրոցներում հայ թատրոնի գոյութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իմ բաղձանքս է հայկական դպրոցի մէջ հայ թատրոնի մնայուն ներկայութիւնը: Անիկա նեցուկ եւ պատուանդան է բազմաթիւ այլ դասանիւթերու։ Թատրոնը կրնայ համազօր նկատուիլ գիրք կարդալու: Բարեբախտաբար, ուրիշ դպրոցներու մէջ ալ կ՛առնուին նման քայլեր, որոշ ուսուցիչներ օգտագործած են գրածներս ու մշակումներս։ Ցանկալի է, որ այս աշխատանքը ըլլայ հետեւողական ու մնայուն։
***
Մեր հերթին ասենք, որ ցանկալի է այս թատերական գրութիւնները տպագրուած տեսնել որպէս ժողովածու: Այն կը դառնայ պատրաստ նիւթ դպրոցական թատրոնների համար, որ կարող են օգտագործել Սփիւռքի բոլոր հատուածներում: Ներկայ գիտական նուաճումների շնորհիւ, մէկ կոճակով այն կը փոխուի նաեւ արեւելահայերէնի, որովհետեւ մեր լեզուի երկու ճիւղերը արդէն ապրում են համատեղ: Մէկ քայլ եւս դէպի միասնական ապագայ:
Շնորհակալութիւն Սարգիս Մահսէրէճեանին այս օգտաշատ աշխատանքի համար: