ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Զօրեան» հիմնարկի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց վարիչ փրոֆ. Վահագն Տատրեանի եւ թուրք այլախոհ պատմաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամի խմբագրած, 1919-1922 տարիներուն տեղի ունեցած Երիտասարդ թուրքերու անդամ ու «հայերու դէմ ոճիրներով» ամբաստանուած ոճրագործներուն զինուորական դատավարութիւններուն մասին թրքերէն հատորը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը կը շարունակէ արգիլեալ նիւթ մը մնալ երկրին մէջ:
732 էջնոց հատորին երրորդ տպագրութիւնը վերջերս լոյս տեսած է: Անոր առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսած էր մօտաւորապէս 16 ամիս առաջ, «Պիլկէ» համալսարանի հրատարակչատունէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.