«Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Մարտ 20, 2010ին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի «Պօյաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու յատուկ աշխատանիստ մը։
Հիմնարկի հիմնադիրն ու ղեկավարը՝ դոկտ. Սիլվա Գարայեանը, իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Սփիւռքահայութեան ազգապահպանման մտահոգութիւններուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ հայ ուսուցչական շարքերուն նօսրացումը գրեթէ բոլոր հայ գաղութներուն մէջ։ Անուրանալի է, որ հայ ուսուցիչները իրենց նուիրումի ոգիին եւ փորձառութեան շնորհիւ կ՛ընեն իրենց լաւագոյնը՝ մեր մայրենի լեզուն սիրցնելու եւ սորվեցնելու համար մեր նորահաս սերունդին։ Վստահաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը յաջողութիւններու հասած է իրեն յատուկ դասաւանդութեան եղանակով եւ հմտութեամբ։ Այս աշխատանիստին նպատակն է յաջողութիւններ ձեռք բերած հայ ուսուցիչները համախմբել եւ առիթը ստեղծել, որ իրարու հետ փոխանակեն իրենց յաջողութիւններուն արդիւնքները։ «Պապայեան» հիմնարկը որդեգրած է դրական եւ գործնական լաւատեսութիւն։ Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք մեր մարտահրաւէրներն ու ցաւերը։ Մենք պիտի դիմագրաւենք զանոնք ինքնավստահ եւ ինչպէս յիշեցի գործնական եւ դրական լաւատեսութեան ոգիով»: Ապա, դոկտ. Գարայեանը, բարի գալուստ մաղթեց աշխատանիստին մասնակցող մօտաւորապէս 35 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ վարժարանները՝ Հայ Քոյրերու, «Մխիթարեան», Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան, Սահակ Մեսրոպ, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան, ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան։ Աշխատանիստին ներկայ էին նաեւ «Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկէն անդամներ, ինչպէս նաեւ «Մխիթարեան» եւ ՀԲԸՄ վարժարաններուն տնօրէնները։
Տիկին Լիզա Մանոյեան՝ «Յովսէփեան» վարժարանի ուսուցչուհիներէն, ներկայացուց շարադրական աշխատանքի երկու վարժութիւններ, զորս որդեգրած է եւ իր աշակերտները հետաքրքրած է գրելով արտայայտուելու։ Ապա Մարալ Ոսկեան եւ Հրաչ Սէփէճեան, որոնք կը ներկայացնէին «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարանը, իսկ Հայ Քոյրերու վարժարանէն Լինտա Գանտիլեանը, զեկուցեցին ճարտարարուեստի ընձեռած դիւրութիւններէն օգտուելու եւ անոնց միջոցով աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու եւ հայերէնով արտայայտուելու կարելիութիւններուն մասին։ Մարալ Ոսկեան նշեց, որ Դ. կարգի աշակերտները power point պատրաստած են հայկական եկեղեցիներու մասին, Լինտա Գանտիլեան ցուցադրեց իր Ը. կարգի աշակերտներուն պատրաստած power point-ը հայոց պատմութեան մասին, իսկ Հրաչ Սէփէճեանը ցուցադրեց իր աշակերտներուն պատրաստած ծանուցումները։ Վստահաբար ներկայ եղող կրթական բոլոր մշակներն ալ, իրենց ուսուցչական ասպարէզէն ներս հետամուտ եղած են նորարութիւններ ներմուծելու եւ տարբեր աշխատելաձեւեր որդեգրելու, սակայն հաւանաբար անոնք սոյն աշխատանիստէն հեռացան իրենց հետ տանելով առնուազն մէկ նորարութիւն եւս, որ այս աշխատանիստին կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն էր։
«Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկի ծրագիրներէն մէկն է հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցումը կիրարկել Քալիֆորնիոյ չափանիշներու հիման վրայ։ Առ այդ, աշխատանիստին երկրորդ բաժինը յատկացուած էր Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի հայերէն դասաւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն պատրաստած նոր ծրագիրներու ներկայացման։ Դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ուսումնական յանձնախումբին անդամուհիներէն դոկտ. Պերճուհի Գուգէեան, որ հանրային դպրոցներէ ներս վարչական երկար տարիներու փորձառութիւն ունի, խօսք առնելով՝ բացատրեց, թէ հայերէն դասանիւթերու ծրագիրները մշակելու եւ զանոնք Քալիֆորնիոյ չափանիշներուն պատշաճեցնելու աշխատանքը բաւական մանրակրկիտ եւ ժամանակ խլող գործընթաց մըն է։ Ապա խօսք առաւ դոկտ. Էլի Անդրիասեանը, որ իր վարչական պատասխանատուութեան երկար տարիներու փորձառութեամբ ղեկավարած է այս ծրագիրներու մշակումը՝ հանդիպելով հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու հետ եւ մէջտեղ բերելով մանրամասնօրէն պատրաստուած ծրագիրներ։ Ներկայացուած ծրագիրներու գործադրութիւնը աւելի յստակացնելու համար, Մարի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն Սեւան Տէր Պետրոսեանը ներկայացուց իր ծրագիրը, ուր մի քանի դասերու ընդմէջէն նշեց, թէ իւրաքանչիւր վարժութիւն ծրագրին մէջ նշուած ո՞ր ունակութեան զարգացման կը սատարէ եւ ծրագրային ի՞նչ չափանիշ կը գոհացնէ։ Հետաքրքրական եւ ամբողջական աշխատանք մըն էր, իսկ աշխատանիստին մասնակցողներուն տրամադրուած ծրագրին օրինակները շօշափելի փաստերն էին այն բանին, որ զանոնք պատրաստած պատասխանատուները եւ ուսուցիչները անհամար ժամեր տրամադրած են եւ եղած են ստեղծագործ ու պրպտող՝ պատրաստելու համար դասանիւթերուն յարմարող վարժութիւններն ու աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն աշակերտները պիտի տիրապետեն ծրագրին մէջ նշուած բոլոր ունակութիւններուն։ Դոկտ. Անդրիասեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ վարժարաններու տնօրէնին՝ Յակոբ Յակոբեանին, եւ փոխտնօրէնուհիին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեանին, որոնք առիթը ընծայած են «Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկի պատասխանատուներուն՝ իրենց ուսուցիչներուն հետ համագործակցելու եւ սոյն ծրագիրները պատրաստելու համար։
Փակման խօսքը փոխանցեց դոկտ. Սիլվա Գարայեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակցող բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն եւ զիրենք ներկայացնող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Ան վստահեցուց ներկաները, թէ սոյն աշխատանիստը պիտի ըլլայ առաջինը նմանօրինակ շարք մը աշխատանիստներու, զորս «Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկը նկատի առած է կազմակերպել։ Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք հայեցի դաստիարակութեամբ, հայապահպանմամբ եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութեամբ հետաքրքրուած են, եւ իրենց ներդրումը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.