ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Յունիս 9, 2006ին, Կուանթանամոյի ամերիկեան տխրահռչակ բանտին մէջ գտնուած էին երեք բանտարկեալներուն դիակները: Մահացած եմենցին եւ երկու սէուտցիները ոչ մէկ յանցանքով ամբաստանուած էին, եւ անոնցմէ մէկը, միջադէպէն երկու շաբաթ ետք, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեանց պիտի յանձնուէր:
Անոնց մահը ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ անձնասպանութիւն, եւ օրին նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմը փորձեց ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ շատ զայրացած է այս միջադէպէն՝ անձնասպանութիւնները ներկայացնելով իբրեւ «Քայիտա»ի կողմէ մշակուած ամերիկեան իշխանութեանց դէմ պատերազմելու նոր մարտավարութիւն:
Սակայն, ինչպէս «Հարփըր» ամսաթերթի խմբագիրներէն Սքաթ Հորթըն իր ծաւալուն ուսումնասիրութեան մէջ գրած է, թէ կարգ մը բանտապահներ սկսած են հրամանատարութեան պարտադրած լռութեան պատը ճեղքելու՝ պնդելով, որ բանտարկեալները ոչ թէ անձնասպանութեան դիմած էին, այլ սպաննուած էին բանտերու համալիրէն անմիջապէս դուրս գտնուող գաղտնի վայրի մը մէջ: Այս խորհրդաւոր վայրը շատ հաւանաբար «Սի.Այ.Էյ.»ի կամ պաշտպանութեան նախարարութեան հովանիին տակ գործող՝ Յատուկ գործողութեանց միացեալ հրամանատարութեան գործակալներուն կողմէ կ՛օգտագործուի՝ բանտարկեալները հարցաքննելու համար:
Հորթընի հետապնդումները նաեւ բացայայտած են, թէ բանտարկեալներուն մահը առնուազն յոյժ կասկածելի պայմաններու տակ տեղի ունեցած է եւ անոնց դիակները ամբողջութեամբ չեն վերադարձուած իրենց ընտանեկան պարագաներուն, որուն հետեւանքով, դիազննողները չեն կրնար հաստատել կամ մերժել ամերիկեան բանակին առաջ մղած պաշտօնական այն վարկածը, թէ բանտարկեալները անձնասպանութեան դիմած են:
Հորթըն նաեւ ցաւ կը յայտնէ, թէ ճշմարտութիւնը բացայայտել փորձելու քանի մը բանտապահներուն փորձը խափանուած է ոչ միայն նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի հակակշռին տակ գտնուող արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ, այլեւ՝ նախագահ Պարաք Օպամայի օրերուն, երբ արդարադատութեան նախարարութիւնը, ձեւական երկրորդ հետապնդումէ մը ետք, վճռած է, թէ հարցը փակուած կը նկատէ, հակառակ այն իրողութեան, որ բանտարկեալներ կը շարունակեն մահանալ նման կասկածելի պայմաններու տակ, ոչ միայն Կուանթանամոյի մէջ, այլ նաեւ Իրաքի ու Աֆղանիստանի բանտերուն մէջ:
Կուանթանամոյի բանտը մէկ տարիէն փակելու խոստումը չյարգած նախագահը նուազագոյն քաջութիւնը պէտք է ունենայ լրջօրէն հետապնդելու նախկին վարչակազմին օրերուն տեղի ունեցած ոճիրները: