ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Շուրջ երկու տարի առաջ ստեղծուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական բազմազբաղ կը թուի ըլլալ: Եթէ հայրենի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներով հաղորդուած տեղեկութիւններուն հետեւած էք, պիտի տեսնէք, որ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը երկու տարուան ընթացքին կրցած է լուրջ իրագործումներու հասնիլ: Այստեղ չեմ ուզեր մէկ առ մէկ անդրադառնալ նախարարին ու նախարարութեան կատարած գործերուն, ու տալ անոնց գնահատականը: Այցելեցէ՛ք սփիւռքի նախարարութեան կայքէջը (www.mindiaspora.am) եւ պիտի տեսնէք նախարարութեան տարած աշխատանքին տարողութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Կիրակի օր, սփիւռքի նախարարութեան առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն էր: Սփիւռքի տարբեր ոստաններէն Հայաստան տեղափոխուած վեց ընտանիք՝ հաւաքուած էինք Դիլիջանի մէջ, Երեւանի խճողուած առօրեայէն կտրուելու եւ Հայաստանի գարունը բնութեան գիրկին մէջ վայելելու նպատակով: Մինչ երեխաները կանաչ մարգագետիններու վրայ կը վազվզէին, մենք հետաքրքրական զրոյց կ՛ունենայինք սփիւռքի նախարարութեան վերջին նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին: Բոլորս ալ համաձայն էինք, որ բաւական ուշացումով ստեղծուած սփիւռքի նախարարութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական եւ այլ կապերու ստեղծման եւ ամրապնդման մէջ: Մեր ընկերուհիներէն Քլարիսը, որ լուռ կը հետեւէր զրոյցին, «վայրկեան մը զիս լսեցէք ըսաւ», եւ պայուսակէն հանեց գրքոյկ մը, ու բոլորիս ցոյց տալով՝ կարդաց վերնագիրը՝ «Հայկական հեքեաթներու աշխարհ»:
– Այս գրքոյկը սփիւռքի նախարարութեան հրատարակութիւնն է, արեւմտահայերէն լեզուով, հաւանաբար սփիւռքահայ երեխաներուն համար,- աւելցուց Քլարիս:
– Վե՜րջապէս,- ըսի ես, բայց Քլարիսը խօսքս ընդհատեց:
– Մէկ վայրկեան, լաւ նպատակը անպայմանօրէն լաւ արդիւնք չի նշանակեր: Լեզուն շատ խեղճ, գրեթէ հասարակ արեւմտահայերէն է, ահաւասիկ օրինակներ,- ըսաւ Քլարիս եւ կարդաց քանի մը նախադասութիւն, որոնցմէ կը մէջբերեմ հետեւեալը.
– Կ՛ըլլայ չըլլար, շատ աղքատ մարդ մը կ՛ըլլայ: Ասիկա կ՛երթայ ձկնորսի մը քով ծառայ կ՛ըլլայ…
– Սիրով աղբար, բայց ասանկ բան մը կայ…
– Ատանկ ալ կ՛ընեն…
– Ատ է նէ, ձին քուռակ է…
– Աղբա՛ր, գոնէ ըսէ դուն ո՛վ ես, որ գիտնանք եւ քու աղէկութեանդ փոխարէն բան մը ընենք:
– Եթէ աղջկանս հետ ամուսնանաս, խնձորին գինը կ՛առնեմ, թէ չէ՝ խնձորը քեզի կ՛ըլլայ, ինծի դրամ պէտք չէ…
– Միւս անգամ ալ գալու ըլլայ նէ՝ չբանաս դուռը.
– Քա ինչո՞ւ կու լաք…
– Անխելքներ ձեզի, ինչո՞ւ նստեր սուգ կ՛ընէք: Կիկոսը պիտի չկենդանանայ եա՛.
– Դուն մի ըսեր, հոտտեղը գողերու եւ մարդասպաններու բոյն էր:
Շարքը չէր վերջանար: Գիրքի իւրաքանչիւր էջ լեցուն էր նմանօրինակ «սխալագրութիւններով»: Արեւմտահայերէնով այսօրինակ հրատարակութիւնները խայտառակութիւն համարելով՝ որոշեցինք պաշտօնապէս բողոքի նամակ գրել սփիուռքի նախարարին: Յայտնապէս, խմբագիրի սխալ ընտրութիւն կատարուած էր:
Նախարարութեան կայքէջը կը նշէ, որ սփիւռքի նախարարութեան ընթացիկ տարուան ծրագիրները կը ներառեն նաեւ «Սփիւռքի հանրակրթական հաստատութիւններուն ուսումնական գրականութեան առաքում»: Յուսամ այս գրքոյկը իբրեւ «ուսումնական գրականութիւն» նկատի առնուած չէ, այլապէս՝ վայ եկեր է արեւմտահայերէն սորվող երեխաներուն գլխուն:
Գրեցէ՛ք ինծի
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
Բարիլոյս Րաֆֆի, դեռ ինչ՞եր չասեցիր։ Սփիւռքի նախարարութիւն գոյութիւն չունի։ Հրանուշը Սփիւռքը Շփոթութեան Մատնելու Նախարարն է։ Իսկ ինչ որ գտնում էք այդ կայքէջում մի երկու երեխու խզբզոցից աւելի չնչին է։ Խնդրեմ՝ էլ ինչն ես գովասանում…
Lav kliner, vor naxqan grqi hratarakum@, tikin Hakobyan@ voreve spyurqahayi cuyc tar ayn, qnnarker, vorpeszi nman pasti arjev chkangner. Che vor naxarar@ sirum e krknel, te naxararutyan bolor cragrern iragorcvum en spyurqahayeri het yerkar qnnarkumneri ardyunqum…”.
Պարոն Տուտագլեան,
Չեք կարծու՞մ, որ ավելի համոզեցուցիչ կլիներ Ձեր ասածը, եթե ներքոհիշեալ ամեն մի «սխալագրութեան» դիմաց դնեիք Ձեր «ճշտագրությունը»:
– Կ՛ըլլայ չըլլար, շատ աղքատ մարդ մը կ՛ըլլայ: Ասիկա կ՛երթայ ձկնորսի մը քով ծառայ կ՛ըլլայ…
– Սիրով աղբար, բայց ասանկ բան մը կայ…
– Ատանկ ալ կ՛ընեն…
– Ատ է նէ, ձին քուռակ է…
– Աղբա՛ր, գոնէ ըսէ դուն ո՛վ ես, որ գիտնանք եւ քու աղէկութեանդ փոխարէն բան մը ընենք:
– Եթէ աղջկանս հետ ամուսնանաս, խնձորին գինը կ՛առնեմ, թէ չէ՝ խնձորը քեզի կ՛ըլլայ, ինծի դրամ պէտք չէ…
– Միւս անգամ ալ գալու ըլլայ նէ՝ չբանաս դուռը.
– Քա ինչո՞ւ կու լաք…
– Անխելքներ ձեզի, ինչո՞ւ նստեր սուգ կ՛ընէք: Կիկոսը պիտի չկենդանանայ եա՛.
– Դուն մի ըսեր, հոտտեղը գողերու եւ մարդասպաններու բոյն էր:
Շարքը չէր վերջանար: Գիրքի իւրաքանչիւր էջ լեցուն էր նմանօրինակ «սխալագրութիւններով»::