ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Նոպելեան գրականութեան մրցանակի արժանացած գերմանացի նշանաւոր հեղինակ Կիւնթեր Կրաս Պոլիս կը գտնուի՝ մասնակցելու համար Թուրքիոյ ու Եւրոպայի գրականութիւններու նուիրուած մշակութային ձեռնարկի մը։ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14ի գիշերը, այս առթիւ ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր Թարապիոյ գերմանական ամարանոցին մէջ։ Ընդունելութեան ընթացքին թուրք ականաւոր գրագէտ Եաշար Քեմալ յիշեցուց, որ ինք ալ «յանձնառու» գրագէտ մըն է, եւ յանձնառու ըլլալը սորված է Կիւնթեր Կրասէն, որ իսկապէս յանձնառու գրագէտ մըն է, այսինքն՝ գրագէտ մը, որ ինքզինք կը նուիրէ մարդասիրական որոշ դատերու պաշտպանութեան:
Իր կարգին, Կիւնթեր Կրաս ըսաւ, որ ինքն ու Եաշար Քեմալ երկու գրագէտներ են, որոնք իրենց ծննդավայրին պատմութիւնը ու անոր անցեալը կը պատմեն շարունակ։ Երկու ժամուան ընդունելութեան ընթացքին Կիւնթեր Կրաս առաւելաբար կանգ առաւ Թուրքիոյ անցեալին վրայ ու ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է երես առ երես գայ իր անցեալին հետ, ակնարկելով յատկապէս հայկական տեղահանութեան։ Ան պատմեց, որ 1940ական թուականներուն մնացած էր նացի շարժումի ազդեցութեան տակ, հիացում ունէր այդ շարժումին նկատմամբ, ուստի երբ առաջին անգամ տեսաւ Պուխենվալտի կեդրոնացման ճամբարներու նկարները ու իմացաւ հրեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքին մասին, չհաւատաց. մտածեց, որ գերմանացի ժողովուրդը այսպիսի բան չի կրնար ընել, եւ թէ ասիկա պարզապէս քարոզչութիւն է։ Բայց յետոյ տեսաւ, որ իրականութիւն էր անիկա։ «Մարդոց համար դիւրին չէ անցեալին հետ երես առ երես գալ ու անցեալը ընդունիլը», ըսաւ ան։ «Գերմանիա ասիկա կրցաւ ընել հրեաներու նկատմամբ. Թուրքիա ե՞րբ նոյնը պիտի ընէ հայերուն նկատմամբ», հարց տուաւ ան։
Կրաս յիշեցուց, որ Գերմանիոյ վարչապետ Վիլի Պրանտ, 1970ին ծունկի եկաւ ու ներողութիւն խնդրեց Լեհաստանի հրեաներէն։ Կրաս աւելցուց, որ ժամանակը եկած է, որ թուրք կառավարութիւնն ալ Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերէն ներողութիւն խնդրէ։
Երբ լրագրողները հարցուցին, թէ ի՞նչ կը մտածէ Հայկական Ցեղասպանութիւն դարձուածքին մասին, Կիւնթեր Կրաս ըսաւ, որ ինք սկիզբէն ի վեր այս բառը գործածած չէ։ «Թուրքիա ի՛նքն է որ պիտի որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գնահատէ այն ինչ պատահած էր անցեալին», նշեց Կրաս։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յառաջիկայ օրերուն ժողովրդավարական նոր բացուածքի կապակցութեամբ, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը պիտի ընդունի թուրք ու օտար գրագէտներ. ինք ի՞նչ կը թելադրէ այդ հանդիպման մասին՝ գերմանացի գրագէտը ըսաւ. «Միայն կը թելադրեմ որ Էրտողան լաւ մտիկ ընէ գրագէտներուն, որովհետեւ գրագէտներն են, որ լաւ կը հետեւին ու լաւ կը մեկնաբանեն երկրի մը անցուդարձերը»։
Չորեքշաբթի օրուան ընդունելութեան վերջին բաժնին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.