ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգապետը յատուկ հռչակագիրով մը որոշած է Ապրիլ 19-26 օրերը յայտարարած է Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման շաբաթ:
Նահանգապետը իր հռչակագիրին մէջ կը նշէ, թէ անցեալի ոճիրները յիշելով կարելի պիտի ըլլայ անոնց կրկնութեան առաջքը առնել՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը որակելով «Մարդկային իրաւանց ահաւոր ոտնակոխում, որ զայրացուցած էր համայն աշխարհը»:
Նշելէ ետք, թէ 1915-1923 ժամանակամիջոցին մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ գացած են Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառով, իսկ կէս միլիոն ուրիշներ պարտադրուած հեռացած են իրենց հայրենիքէն՝ նահանգապետը բոլոր քալիֆորնիացիներուն կոչ կ՛ընէ, որ այս առիթը օգտագործելով՝ կեդրոնանան մարդկային այս աղէտին ու անոր հետեւանքներուն վրայ, եւ կը շեշտէ, թէ համայն աշխարհը պէտք չէ մոռնայ մարդկութեան դէմ գործուած այս ահաւոր ոճիրը:
Ան կ՛աւելցնէ, թէ նահանգը պատիւ ունի իր մէջ ունենալու ամերիկահայ աշխոյժ համայնք մը, որուն գոյատեւումը եւ զարգացումը ցուցանիշ մը կը համարէ հայութեան ուժեղ կամքին:
Նահանգապետը կը շարունակէ ըսելով, որ կը միանայ Քալիֆորնիոյ բոլոր հայերուն եւ համայն աշխարհի հայութեան՝ յիշելով Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերը, եւ հետեւաբար՝ «Ապրիլ 19-26 երկարող օրերը կը յայտարարեմ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման օրեր», կ՛եզրափակէ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.