Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթընէն Անգարա վերադառնալու ընթացքին, օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելով նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի արագանայ, եթէ հայկական ուժերը հեռանան Ղարաբաղի յարակից երկու շրջաններէն։
Լրագրողները այլ հարցումներու շարքին, հետաքրքրուած են Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հանդիպման ընթացքին քննարկուած թեմաներով։
«Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ Հայաստանի եւ Իրանի վերաբերեալ երկար քննարկումներ ունեցանք: Մենք Ցիւրիխի մէջ մեր ստորագրութեան հաւատարիմ ենք։ Սակայն այնտեղ կայ «շրջանային խաղաղութիւն» արտայայտութիւնը։ Մենք հայ-ատրպեճանական լարուածութիւնը կը դիտենք իբրեւ վտանգ։ Հայերը երկու շրջանէ եթէ յետ քաշուին, կարգաւորումը կ՛արագանայ», նշած է Թուրքիոյ վարչապետը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.