ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան մը ընթացքին կտրուկ հրահանգներ տուած է Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ հաւատարմագրուած թուրք դեսպաններուն եւ գլխաւոր հիւպատոսներուն, որ ուղիղ երկխօսութեան սկսին հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ։
Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վրայ «դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ հայկական Սփիւռքի հետ երկխօսութիւնը»։
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ներկայացուցիչները նկատել տուած են, թէ հայկական Սփիւռքի հետ ուղիղ հանդիպումներու հաստատման եւ երկխօսութեան ծաւալման համար լուրջ արգելք է ամերիկացի օրէնսդիրներու կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը։ Անոնք ընդգծած են, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական Սփիւռքի ամբողջ ուշադրութիւնը ներկայ պահուս կեդրոնացած է թիւ 252 բանաձեւը Քոնկրեսի լիագումար նիստի օրակարգ բերելու աշխատանքին վրայ:
Նշենք, որ Տաւութօղլու նախապէս յայտարարած էր. «Միայն Հայաստանի հետ չէ, որ կ՛ուզենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները։ Կ՛ուզենք հանդիպումներ սկսիլ նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերու հետ։ Այս կէտին մէջ բոլոր հայերը նոյն հարթութեան վրայ դնելու, զանոնք իբրեւ մէկ ընդհանուր զանգուած դիտելու մօտեցումը սխալ պիտի ըլլայ։ Ատիկա պէտք է լաւ հասկնալ։ Պիտի ըլլան հայկական համայնքներ, որոնց հետ մենք պիտի կարենանք երկխօսութիւն ծաւալել: Մենք պէտք է փոխենք անոնց պատկերացումները»։
Միացեալ Նահանգներու մէջ վերլուծական կեդրոնի մը մէջ ելոյթի մը ընթացքին Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է. «Թուրքիա եւ Հայաստան երկու դրացի երկիրներ են եւ հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած են։ Եթէ կայ չլուծուած խնդիր, մենք իրարու միջեւ զայն պիտի լուծենք։ Նախորդ շաբաթ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Թուրքիա այցելած էր. ընթացքին որոշուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ նախարարներու խորհուրդի ընդհանուր ժողով գումարել։ Տասը տարի առաջ ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ Յունաստանը եւ Թուրքիան նման մօտ յարաբերութիւններ պիտի հաստատեն։ Իսկ ինչո՞ւ Հայաստանի հետ կարելի չէ նոյնը ընել», ըսած է ան։
«Մենք չենք ուզեր, որ Հայաստանը ըլլայ անկայունութեան աղբիւր ու աղքատ, այլ կը փափաքինք, որ Հայաստանը ըլլայ հարուստ հարեւան։ Մենք կ՛ուզենք, որ մեր բոլոր հարեւանները ըլլան բարգաւաճ եւ խաղաղ։ Մենք պատրաստ ենք ոչ միայն պետութիւններու մակարդակով հաշտեցման հասնելու, այլ նաեւ կը փափաքինք հաշտութեան հասնիլ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող հայկական Սփիւռքին հետ։ Մեր պատմութեան առնչութեամբ, մենք պատրաստ ենք լսել մեր հայ բարեկամները», նշած է Տաւութօղլու։
Միւս կողմէ, «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնած է, թէ «Փարիզի եւ Պոսթընի մէջ» հայերն ու թուրքերը պէտք է միասնաբար նստին եւ փորձեն 1915ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն իրենց յուշերը լուծել։ «Մենք ամերիկահայ Սփիւռքին հետ որոշ կապ հաստատեցինք։ Մենք անոնց ըսինք, որ մեր արխիւները բաց են։ Մենք պատրաստ ենք ամէն բան քննարկելու»։ Ան աւելցուցած է, թէ մինչ 1915ը «այսպէս կոչուած՝ Ցեղասպանութեան տարին է իրենց (հայերուն) համար, մեզի համար ան Կալիփոլիի տարին է», ակնարկելով բրիտանական, ֆրանսական եւ աւստրալիական ուժերու կողմէ Կալիփոլին գրաւելու արիւնալի ճակատամարտին, որուն ընթացքին կը կարծուի, թէ աւելի քան 200,000 թուրք զինուորներ սպաննուած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Անկայունութեան ու Աղքատութեան իսկական աղբիւրը՝ Մտային Աղքատութիւնն է որը Թուրքիոյ կարավարական կազմին մէջ շատ կան, ըսկսեալ իր վարջապետէն, Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանեն, որուն անցեալը՝ թափառիկ ձեղի ու ոճրագործ աւազակախումբի ընտանիքէ սերած՝ անկայուն մտքի նմոյշ մըն է որուն ներկայացչութիւնը կը նսեմացնէ այսօրուան դիւանաքիտական շրջանակները։ Ամօթ, այդ նսեմացած՛ շրջանակին…
Հայ ժողովուրդը՝ միշտ վեհանձն եղած է։ Իսկ երբ աղքատ՝ միայն, որովհետեւ թափառաշրջիկ թրքաձեղերու հարձակումներու ենդարկուած ու կողոպտուած ապայ ջարդուած են. ապացոյց՞ Թուրքիոյ նախագահական ապառանքը ուր նախագահ Կիւլը կը բնակի ներկայիս՝ կը պատկանի Հայ ընտանիք մը որոնք ջարթուած՝ 1915-ին ու բռնագրաւուած կալուած է։