ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայանը՝ KCET-ն, ծրագրած է սփռել Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիր մը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին գանատահայ բեմադրիչ Յակոբ Կուտսուզեանի վաւերագրական երկու շարժապատկերները՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն:
Երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Հայկական աքսոր» եւ «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» շարժապատկերները պիտի ներկայացուին բեմադրիչին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային փոխադրական յանձնաժողովի փոխատենապետ ու Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Լերի Զարեանի կողմէ:
Ապրիլ 25ին, «Հայկական աքսոր»ը դարձեալ պիտի ցուցադրուի կ.ե. ժամը 1ին, իսկ «Զաւակս հայ պիտի ըլլայ» ֆիլմը՝ կ.ե. ժամը 2ին:
Երկու շարժապատկերներն ալ կ՛առնչուին հայկական ինքնութեան փնտռտուքին՝ հիմնուած բեմադրիչի փորձառութեանց վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.