ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Քանալ 24» պատկերասփիւռի կայանի «Բաց հանդիպում» յայտագիրէն անցնող շաբաթավերջին ելոյթ ունենալով՝ մանրամասնութիւններ փոխանցած է Ուաշինկթընի մէջ իր հանդիպումներուն մասին։
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր հանդիպման՝ Էրտողան նշած է, որ Հայաստանի նախագահը իրեն առաջարկած է Ղարաբաղի հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին չխառնել, եւ բանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, որուն ինք պատասխանած է. «Ես անոր յիշեցուցի, որ 1993ին սահմանը գոցուեցաւ ատրպեճանական հողերու բռնագրաւման պատճառով, եւ քանի դեռ այդ պատճառը վերացած չէ, ապա արձանագրութիւնները Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ չեն վաւերացուիր»։
«Ես կը կարծեմ, որ եթէ լուծուի Ղարաբաղի հարցը, ապա հայ-թրքական սահմանի բացման հետ կապուած որեւէ խնդիր չի ծագիր։ Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ Մինսկի խումբը աշխուժացնէ իր աշխատանքը», աւելցուցած է Էրտողան։
Խօսելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին՝ Թուրքիոյ վարչապետը նշած է, թէ այս հարցով «որեւէ խնդիր չ՛ակնկալեր»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.