Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ի կէսօրին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկ մը։ Ձեռնարկը նոյնօրինակ երկրորդ հանդիպումն էր՝ նուիրուած «Հայ Կնոջ տարուան», եւ կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։

Աւելի քան հարիւր հոգի մասնակից եղան ձեռնարկին։ Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնն ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ առիթին՝ գնահատելով Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամները, որոնք դարձեալ կազմակերպած էին ձեռնարկ մը, որ հաճելին կը միացնէր օգտակարին։
Տիկնանցի ատենապետուհի Մարիամ Կարապետեան, բացման իր խօսքին մէջ ողջունեց բոլոր ներկաները, որոնց կարգին էին Տիկնանց միութեան անդամներ, ՀՕՄակակններ՝ գլխաւորութեամբ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Սօսի Փօլատեանի։ Ան յիշեցուց, որ ՀՕՄը այս տարի կը տօնէ իր 100ամեակը, հետեւաբար, բարի երթ մաղթեց ՀՕՄին, իր երկրորդ հարիւրամեակի սեմին։
Ճաշէն ետք, տոքթ. Իտա Գարայեան տուաւ շահեկան եւ օգտաշատ դասախօսութիւն մը՝ իբրեւ գլխաւոր նիւթ ունենալով «Հայ կնոջ դերը՝ զաւակներու դաստիարակութեան մէջ»։ Ան առաջին հերթին վեր առաւ մանուկին հիմնական կարիքները բնականոն աճի համար. անոնք են՝ բնախօսական տարրական պէտքերը, ապահովութեան զգացումը, շրջապատին հետ ներդաշնակուելու եւ յարաբերելու պահանջքը, ապա նաեւ գեղագիտական մղումները։ Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ մայրեր օգնեն իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնք կեանքի նպատակակէտ ու տեսլական ունենան, զարգացնեն ընտանիքին ու շրջապատին հետ յարաբերելու յատկութիւնը, քայլ պահեն արագօրէն զարգացող աշխարհին հետ, իրենց պատկանելիութեան համար ունենան հպարտութեան զգացում ու դաստիարակուին հաւաքական ժառանգութիւններով:
Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը, որ բարձր գնահատեց բանախօսին ներկայացուցած գաղափարներն ու թելադրանքները, ապա նաեւ արձագանգելով յիշեալ կէտերուն՝ անհրաժեշտ նկատեց, որ հայ մայրն ու հայ կինը տէր կանգնին մեր արժէքներուն, իրենց զաւակներուն խօսին յատկապէս հայկական արժէքներու մասին, զարգացող աշխարհի մէջ մանուկները ուղղեն դէպի օգտակարն ու մնայունը, շեշտեն հայութեան պատկանելիութեան զգացումն ու հայութեամբ հպարտանալու կարեւորութիւնը, եւ վերջապէս, մանուկին ու պատանիին մէջ սերմանեն Աստուծոյ սէրը։ Ան շեշտեց, որ հայ կինը՝ մայր, դաստիարակ թէ ընտանիքի կառավարիչ՝ կը հանդիսանայ ընկերութեան ու ազգին սիրտն ու հոգին։
Ձեռնարկի աւարտին, առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց յարգելի բանախօսին։