ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայ Դատի ֆրանսական գրասենեակին եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ «Հայաստան-Թուրքիա. ի՞նչպէս բնականացնել յարաբերութիւնները» նիւթով միջազգային նշանակալից խորհրդաժողով մը կազմակերպուեցաւ Փարիզի մէջ, 14 Ապրիլին։
Անոր մասնակցեցան Իսրայէլի Բաց համալսարանի պատմութեան դասախօս դոկտ. Եայիր Օրոնը, Երուսաղէմի մէջ հաստատուած Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն Իսրայէլ Չարնին, Գերմանիոյ մէջ հաստատուած Ցեղասպանութեան դէմ պայքարի ընկերակցութեան նախագահ, թուրք պատմաբան Ալի Էրթեմ, Պելճիքայի մէջ հաստատուած «ԻնՖօ-Թիւրք» հիմնարկի նախագահ, թուրք լրագրող Տոկան Օզկիւտէն, Ժընեւէն միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. ԱլՖրետ տը Զայաս, նաեւ Փարիզէն վիտէօ-ով՝ դոկտ. Իվ Թերնոն, Փարիզի Քաղաքական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի դասախօս քաղաքագէտ Ֆրետերիք Էնսել, Հայաստանէն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի բանբեր Կիրօ Մանոյեան եւ Լոս Անճելըսէն՝ «ՔալիՖորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
Իսրայէլացի եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ վերջին բուռն փոխանակումներուն եւ 28 Ապրիլին Քնեսեթի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յառաջիկայ քննարկման լոյսին տակ, ներկաները յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցան փրոՖ. Օրոնի անկեղծ դիտողութիւններուն։ Ան երկար տարիներէ ի վեր հաւատարիմ ջատագով մըն է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ բուռն քննադատ մը՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ անոր ուրացման։
ՓրոՖ. Օրոն իր ներկայացումը սկսաւ 1918ին, Շայիմ Ուայթզմանի քարտուղար Շմուէլ Թալքովսքիի կողմէ ստորագրուած յօդուածէ մը մէջբերումով։ Շայիմ Ուայթզման յետագային եղաւ Իսրայէլի առաջին նախագահը։ Թալքովսքի կ՛ողբայ հայերուն «նահատակութիւնը» եւ կ՛ակնարկէ, թէ «ուրախ եւ ազատ Հայաստան մը, ուրախ եւ ազատ Արաբիա մը, ուրախ եւ ազատ Հրէական Պաղեստին մը երեք սիւներն են, որոնց վրայ պիտի հանգչի Միջին Արեւելքի ապագայի խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը»։ Դոկտ. Օրոն ցաւ յայտնեց, որ Իսրայէլեան պետութեան այսօրուան քաղաքականութիւնը հեռու է 1918ին Թալքովսքիի արտայայտած սկզբունքներէն։
Քննադատելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իսրայէլեան ընդդիմութիւնը՝ փրոՖ. Օրոն թուեց հակահայկական յատկանշական հետեւեալ քայլերը.
«1978ին արգիլուեցաւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մասին Ֆիլմի մը ցուցադրութիւնը։ 1982ին իսրայէլեան կառավարութիւնը միջամտեց Շոայի (Ողջակիզման) եւ Ցեղասպանութեան թեմայով միջազգային համագումարին՝ ճնշում բանեցնելով, որ կազմակերպիչները ջնջեն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տրուելիք դասախօսութիւնը։ 1989ին Իսրայէլ դեր ունեցաւ ամերիկեան օրացոյցին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նշումը արգիլելու մէջ։ Այս կամ այն ձեւով, Իսրայէլն ու հրեաները առնչուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն՝ 1985ին, 1987ին, 1989ին, 2000ին, 2007ին, 2010ին: Նաեւ, 1990ին արգիլուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած պատկերասփիւռի Ֆիլմի մը՝ «Հայկական ճամբորդութիւն»ի, ցուցադրութիւնը»։
ՓրոՖ. Օրոն նաեւ նշեց, թէ 24 Ապրիլ 2000ին, երբ Իսրայէլի կրթութեան նախարար Եոշի Սարիտ առաջարկեց, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ներառուի երկրորդական վարժարաններու կրթական ծրագիրին մէջ, Իսրայէլի կառավարութիւնը մերժեց այդ գաղափարը։
Մէկ տարի ետք՝ 10 Ապրիլ 2001ին, Իսրայէլի օրուան արտաքին գործոց նախարար (ներկայի նախագահ) Շիմոն Փերեզ հետեւեալը ըսաւ. «Կը ցաւինք, որ փորձ կը կատարուի ստեղծելու նմանութիւն մը Ողջակիզման եւ հայկական ամբաստանութիւններուն միջեւ։ Ողջակիզման նմանութեամբ ոչինչ կատարուած է։ Անիկա ողբերգութիւն մըն է, բայց ոչ՝ ցեղասպանութիւն մը»։
Ներկաներուն յիշեցնելով, որ Հայաստանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռիվքա Քոհեն ուրացման նոյնանման կարծիք յայտնած է 2002ի Փետրուարին՝ փրոՖ. Օրոն այդ հաստատումները համարեց «Իսրայէլի յառաջընթացը՝ կրաւորականէն դէպի աշխոյժ ուրացում, եւ չափաւորական ուրացումէն դէպի ծայրայեղական ուրացում»։ Ան աւելցուց, թէ հայ բարեկամ մը «արդարացիօրէն» ըսած է իրեն, թէ՝ «Ես չեմ ճանչնար ժողովրդավարական երկիրի մը մէջ քաղաքական կրթեալ ոեւէ անձնաւորութիւն մը, որ երբեւէ ըրած է այդ ձեւի դիտողութիւններ, ինչպիսին ըրած էք դո՛ւք՝ հրեաներդ…»:
ՓրոՖ. Օրոն նաեւ խօսեցաւ 2007ին, 2008ին եւ 2009ին իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին, եւ նշեց, թէ բոլոր առիթներուն ալ Իսրայէլի կառավարութիւնը այդ հարցին դէմ արտայայտուած է։ Օրոն կ՛ակնկալէ նոյնանման մերժումի մը՝ այս ամսուան վերջաւորութեան, երբ հարցը անգամ մը եւս քննարկումի պիտի դրուի Քնեսեթի մէջ։
ՓրոՖ. Օրոն մասնաւորապէս նշեց Իսրայէլի կողմէ կիրառուող «երկու չափ երկու» կշիռի քաղաքականութիւնը. «Իսրայէլի պետութիւնը մէկ կողմէ կը շարունակէ պայքարիլ Ողջակիզման ուրացման դէմ, բայց միւս կողմէ մասնակից կը դառնայ ուրիշ ցեղասպանութեան մը ուրացման։ Ասիկա, հաւանաբար, ապագային վնաս պիտի հասցնէ Ողջակիզման ուրացման դէմ պայքարին։ Կարելի է այդ վարմունքը դիտել իբրեւ բարոյական ձախողութիւն մը։ Մենք պէտք է յիշենք, թէ բարոյական պահանջները կրնան ազդեցութիւն ունենալ միայն, երբ հաստատ ու յարատեւ են: Ամէն ոք համաձայն է այն իրողութեան, թէ Իսրայէլ իրաւունք չունի որեւէ ձեւով, որեւէ պայմանի մէջ, նոյնիսկ աւելի քան որեւէ այլ երկիր, սակարկելու զոհուած այլ խումբի մը յիշատակին շուրջ։
Այդուհանդերձ, Իսրայէլ այդ մէկը ըրաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հետ։ Իսրայէլ կը նպաստէ Ցեղասպանութեան ուրացման, եւ այդ մէկը ընելով՝ անիկա նաեւ կը դաւաճանէ Ողջակիզման յիշատակին եւ ժառանգութեան»։
Հայկական Ցեղասպանութիւնը գրեթէ միջազգայնօրէն ճանչցուած է տասնեակ մը երկիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ականաւոր ուսումնասիրողներու կողմէ։ Հայերը պէտք չունին աղաչելու Իսրայէլին, որ ճանչնայ զայն։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալով՝ Իսրայէլ բարոյական մեծ վնաս կը հասցնէ իր սեփական վարկին եւ աշխարհի մէջ իր դիրքին:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
Խմբագիր