ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Քաղաքական ղեկավարներ երբեմն իրենք զիրենք ծիծաղի առարկայ դարձնելու չափ այնպիսի արտառոց հաստատումներ կը կատարեն, որ հարց կու տաս, թէ ասոնք իրենց խօսքերը արտասանելէ առաջ լրջօրէն կը մտածե՞ն արդեօք, եւ կամ անոնց խորհրդականները նուազագոյն դիւանագիտական կրթութիւն ստացա՞ծ են:
Նորագոյն «յանցագործը» Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) թուրք նախագահ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն է, որ Երկուշաբթի, Ապրիլ 26ին, Սթրազպուրկի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անգամ մը եւս յայտնած է, թէ աշխատանք կը տարուի վերակենդանացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով կազմուած ԵԽԽՎի ենթայանձնախումբը, աւելցնելով, թէ ինքը անձնապէս պիտի ղեկավարէ այդ մարմինը: Ան նաեւ բացայայտած է, թէ Յունիսին Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա պիտի այցելէ:
Երկիրներու ներքին քաղաքական կամ իրաւական կեանքին մէջ կան անգիր ու երբեմն նաեւ գրաւոր օրէնքներ, որոնք արտօնութիւն չեն տար հարցի մը հետ ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն ունեցող անձերուն, որ որոշիչ դերակատարութիւն ունենան անոնց լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն մէջ: Նման օրէնքներ ի զօրու են նաեւ միջազգային յարաբերութեանց մէջ:
Միջազգային նման մարմինի մը գլուխ հասած Չաւուշօղլուն վստահաբար ծանօթ է այս իրողութեան, սակայն անգամ մը եւս ինքզինք տգէտի տեղ դնելով՝ կը փորձէ ինքզինք իրաւարար նշանակել հարցի մը, որուն մէջ Թուրքիա յստակօրէն կը պաշտպանէ տագնապին կողմերէն մէկուն դիրքը: Արդարեւ, գրեթէ ամէնօրեայ սովորութեան վերածուած է Թուրքիոյ նախագահին, վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին կամ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ յայտարարութեան մը հրապարակումը, ուր կը շեշտուի, թէ Անգարա պաշտպանն է Պաքուի շահերուն:
Այս պայմաններուն տակ, Չաւուշօղլու ինչպէ՞ս կրնայ ակնկալել, որ ոչ թրքախօս անձ մը զինք լուրջի առնէ: