ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլ 26ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի՝ «Հ1»ի, «Իրական քաղաքականութիւն» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգի կասեցման մասին հրամանագիրի ստորագրման յաջորդ օրը, ընդունուած կարգին համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը:
Ըստ նախարար Է. Նալբանդեանի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը փակուղիէն դուրս բերողը Հայաստանի նախագահն էր։ «Մենք անցանք որոշակի ճանապարհ, առանց նախապայմանների յարաբերութիւնները կարգաւորելու: Թէ՛ մեր, թէ՛ միջազգային հանրութեան տեսանկիւնից, այդ ճանապարհը միակ ճիշդ ճանապարհն էր, իսկ ճիշդ ճանապարհները փակուղի չեն տանում», ընդգծած է նախարարը:
Անդրադառնալով նախագահի ուղերձին մէջ հնչած «Մենք կը դիտարկենք առաջ շարժուելու հարցը, երբ համոզուենք, որ Թուրքիայում կայ համապատասխան մթնոլորտ եւ Անգարայում կը տեսնենք յարաբերութիւնների կարգաւորմանը վերստին պատրաստ առաջնորդութիւն» միտքին՝ նախարարը նշած է, որ հայկական կողմը յայտարարած է, թէ պատրաստ է առաջ շարժելու, երբ Թուրքիոյ մէջ կրկին տեսնէ գործընկերներ, որոնք պատրաստ են առանց նախապայմաններու յառաջանալու, կարգաւորելու յարաբերութիւնները եւ իրագործելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: «Եթէ Թուրքիայի կողմից նորից լինեն արժանահաւատ խօսք եւ գործ, կը լինեն համարժէք քայլեր մեր կողմից», ընդգծած է նախարարը:
Հնչած մտահոգութիւններուն գծով, ըստ որոնց, հայկական դիւանագիտութիւնը առաջ կը շարժի առանց հաշուի առնելու անցեալի իր սխալները, Է. Նալբանդեան պատասխանած է ըսելով, որ երբ արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութեան մասին կը խօսուի, չի նշանակեր, որ պէտք է շարունակել սխալները: «Սխալները չպէտք է կրկնել, եւ հէնց այդ տրամաբանութեամբ է հանրապետութեան նախագահն սկսել գործընթացը: Մենք ասել ենք այն, ինչ արել ենք, եւ երբեւէ չենք ասել այն, ինչ չենք կարող անել», նշած է նախարարը:
Արձանագրութիւններուն մէջ նախապայմաններու առկայութեան մասին պնդումներուն ի պատասխան՝ նախարարը նկատած է. «Աշխարհում ոչ ոք արձանագրութիւններում նախապայմաններ չի տեսնում, բացի Հայաստանում որոշ ընդդիմախօսներից: Անգամ Թուրքիայի վարչապետն էր ասում, որ արձանագրութիւններում նախապայման չկայ. թուրքական ընդդիմութիւնն էլ էր մեղադրում իշխանութիւններին, որ վատ են բանակցել եւ նախապայմաններ չկան արձանագրութիւններում»։
Ժամանակը, ըստ նախարարին, փաստած է, թէ սնանկ էին նաեւ մտահոգութիւնները այն մասին, որ արձանագրութիւններուն ստորագրումը կրնայ կասեցնել Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: «Վերջին երկու տարուան ընթացքում Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հրապարակումները, քննարկումները, մեկնաբանութիւնները եւ ուշադրութիւնը բազմապատկուել են մի քանի անգամ ողջ աշխարհում: Վերջին ամիսների ընթացքում ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովը, Շուէտիայի եւ Քաթալոնիայի օրէնսդիր մարմինները եւ այլ հարթակներ այս հարցը քննարկեցին», ըսած է նախարարը՝ շեշտելով, որ փոփոխութիւնները միայն դրական են, իսկ ամենակարեւորը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններն են:
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ հայերէն ներողութիւն խնդրելու շարժման, Պոլսոյ կեդրոնական հրապարակին վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը առաջին անգամ նշուելուն, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր թուրք այցելուներու թիւի յաւելման, որոնք բոլորը, ըստ իրեն, կը վկայեն, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ «սառոյցը կոտրուել է»:
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ նոր բանակցութիւններ սկսելու անհրաժեշտութիւն չի գտներ նախարար Նալբանդեան: Անոր խօսքով, նախորդ տարուան Մայիսին, նախաստորագրութենէն ետք բաւարարուած չըլլալով արձանագրութիւններու բովանդակութեամբ՝ թրքական կողմը կը փորձէր կրկին բանակցութիւններ սկսիլ: «Թուրքերը տարբեր լեզուներով են խօսում, եւ ոչ միայն մենք, այլ միջազգային հանրութիւնն էլ չի հասկանում այդ լեզուն», ըսած է նախարարը:
«Թուրքական դիւանագիտութեան դարաւոր փորձի եւ հանճարեղութեան առասպելներից վախեցած մարդիկ վերջապէս հասկացան, որ «թագաւորը մերկ է»: Իրականում հէնց փորձից ելնելով երբեմն պէտք է լռել, երբ պարզ է, որ զրուցակիցդ այնպիսի յայտարարութիւններ է անում, որոնք իր դէմ կարող են շրջուել», նշած է Է. Նալբանդեան՝ ի պատասխան քննադատութիւններուն, որ հայկական դիւանագիտութիւնը փորձի պակասի հետեւանքով շատ յաճախ չի պատասխաներ որոշ յայտարարութիւններու:
Նոյն քննարկման ընթացքին, Էդուարդ Նալբանդեան բացառած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան կազմին մէջ Թուրքիան ներառելու հաւանականութիւնը։
Մեկնաբանելով թրքական կողմի այն պնդումները, ըստ որոնց, հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի մասին յիշատակում չկայ, սակայն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մասին համապատասխան դրոյթը պէտք է դիտարկել այդ համաթեքսթին մէջ, հետեւաբար, պէտք է հասկնալ, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հետ զուգահեռ՝ Է. Նալբանդեան նշած է. «Եթէ մէկը ցանկանում է իր շէնքում ապրող հարեւանի հետ յարաբերութիւնները կագաւորել, չի նշանակում, որ շէնքի կամ թաղամասի բոլոր խնդիրները պէտք է լուծի: Եթէ այդ տրամաբանութիւնից ելնենք, մենք էլ կարող ենք թուրքերին ասել՝ լուծէք ձեր հարցերը Կիպրոսի հետ կամ քրտական հարցը լուծէք, յետոյ կ՛անդրադառնանք հայ-թուրքական յարաբերութիւններին: Կամ կարող ենք Աֆղանիստանից մինչեւ Սուտան, կամ աշխարհի այլ հարցերի միաժամանակ լուծում պահանջել: Չեմ կարծում, որ դա տրամաբանական մօտեցում է»:
Նշենք, որ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը Ապրիլ 27ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս նորանշանակ համանախագահ Իկոր Փոփովը ու շնորհաւորած է անոր նոր պաշտօնը՝ յոյս յայտնելով, որ ան իր կարեւոր ներդրումը կ՛ունենայ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Ի. Փոփով, իր կարգին, հաւաստած է, որ իր առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ հիմնախնդիրի կարգաւորման նպաստելու համար: Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Թուրքերր անցեալէն իղձ ունին հանդէպ Ողջ Հայութեան հանդէպ
որն է արնել Հայրենիքը եւ Հայ ժողովուրդը իրենց բռունցգին մէջ,
տիրանալով ամէն ինչին,Հայրենիքի ներկայ իշխանութիւնը եղաւ
թուրքերուն իղձին իրագործումը , Հոգ, 10 ին երբ սիրյօժար կերպով
ստորագրեցին ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ԱՀԱՎՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՐԸ մատնեցին Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին անսպասելին․․․
որն է ՊԱՏԱՆԴ ԵՂԱՆ թուրքերուն բօունցգին մէջ, նախագահը կը
մտածէ սիրտով փոխանակ ուղեղով, ուղերձի խօսքերը համապատ-
ասխան չէ իր կատարածներուն, ներկտյիս վտանգի ենթարկուած
թէ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԵՎ ԹԷ ՍՓՈՒՌՔԱՀՈՒԹՈՒՆԸ անխտիր,առանց
ժամանակ կորսնցելու կը պահանջուի նախահէն ետ քաշէ
ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԵՐԸ ի շահ եւ օգուտ Հայ ազգին։