ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Եւտա Ապրամով Երեքշաբթի, Ապրիլ 27ին յայտարարեց, թէ Իսրայէլի խորհրդարանի օրակարգէն դուրս բերուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւի նախագիծը, որուն շուրջ քննարկումներ կ՛ակնկալուէին Ապրիլ 28ին: Ան աւելցուց, թէ այս մասին իրեն տեղեկութիւն փոխանցած է Ատրպէյճան-Իսրայէլի բարեկամական խմբակի իսրայէլացի պետ Ռոպերթ Էլաթովէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.