ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն Կարօ Հեքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ Ուրուկուէյի խորհրդարանի հանդիսասրահին մէջ, յաջորդական 10րդ տարին ըլլալով, կազմակերպութեամբ խորհրդարանի նախագահութեան եւ աջակցութեամբ Ուրուկուէյի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին, Երկուշաբթի, Ապրիլ 26ին տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը, ուր իրենց ներկայութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելու եկած էին ոչ միայն մեծ թիւով հայորդիներ, այլ նաեւ երկրին փոխնախագահը, պատգամաւորներ, դիւանագիտական համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ կրօնապետներ:
Ելոյթ ունեցած են խորհրդարանի նախագահ Իվոն Փասատա, Արժանթինէն հրաւիրուած հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, իրաւագէտ Լէանտրօ Տեսփուի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան:
Մարիօ Նալպանտեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի ներկայ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Թուրքիոյ խաղացած դերը, Հայաստանը մեկուսացնելու ծրագիրներուն մութ ծալքերը, եւ հարց տուած է, թէ ի՞նչ ակնկալիքներով ստորագրած ենք արձանագրութիւնները. «Ի՞նչ Թուրքիոյ մասին կը խօսինք. Էրտողաններո՞ւ, որոնք կ՛ուզեն Օսմանեան Թուրքիան վերակենդանացնել, կամ Փամուքներու եւ Աքչամներու, որոնք պատմական ճշմարտութեան զօրակցողներն ե՛ն»:
Բոլոր բանախօսները շեշտած են հայոց պահանջատիրութեան եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ հաշուի նստին իրենց անցեալին հետ, վերջ դնելով ուրացման քաղաքականութեան:
Ոգեկոչման ընթացքին ցուցադրուած է նաեւ կարճ տեսաերիզ մը, որ նուիրուած էր 1965ի պատմական այն օրուան, երբ Ուրուկուէյի խորհրդարանը՝ առաջինը ըլլալով՝ կը ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Նաեւ, Ապրիլ 23ին, ջահերով քայլարշաւ մը տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հրապարակէն մինչեւ Մոնթեվիտէոյի համալսարանի մուտքը:
Իր կարգին, «Արմէնիա» թերթը կը հաղորդէ, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Ուրուկուէյի նախագահ Խոսէ Մուխիքա եւ կրթութեան ու մշակոյթի նախարար Ռիքարտօ Էհրլիչ, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ ու հոծ բազմութիւն մը, ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի յիշատակման ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի «Արմէնիա» հրապարակին վրայ։
Նախագահը բացումը կատարեց 1915-23ին Թուրքիոյ կողմէ զոհ գացած աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները յիշատակող յուշարձանին, որ Հայաստանէն բերուած խաչքար մըն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.