ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ հազարաւոր հայորդիներ ներկայ եղան Մոնթեպելլոյի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցած համագաղութային ոգեկոչման ձեռնարկին, որ յատկանշուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան եւ անոր ուրացման արշաւին վերջ տալու կոչերով, որոնք կատարուեցան դաշնակցային, նահանգային ու քաղաքային մակարդակի պետական պաշտօնատարներու կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ համայնքային ղեկավարներ ու կրօնական պետեր:
Գլխաւոր բանախօսի՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի կողքին, ելոյթներ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոն, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի ու Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Պարպարա Պաքսըրի ներկայացուցիչները:
Իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան մասին թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ, Է. Շիֆ անգամ մը եւս կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ վերջ տան Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարին եւ այդ նպատակով Միացեալ Նահանգներու վրայ բանեցուող ճնշումներուն: Նման կոչեր կատարեցին նաեւ Վիարայկոսա եւ Գրիգորեան, մինչ Քալտերոն խօսեցաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը թիւ 60 ազատուղիին վրայ ծանուցող ցուցատախտակները զետեղելու որոշումին մասին, որ վերջերս վաւերացուած էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ, միաժամանակ ցոյց տալով ցուցատախտակէն օրինակներ:
Իր կարգին, համագաղութային ձեռնարկի կազմակերպիչ Եղեռնի 95ամեակի ոգեկոչման Միացեալ մարմինէն Արամ Գալուստեան, խօսելէ ետք Ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին, ցաւ յայտնեց, որ ցեղասպանական արշաւներ կը շարունակուին աշխարհի տարածքին՝ միաժամանակ դրական համարելով այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութիւն ճանչցող երկիրներուն թիւը կը շարունակէ աճիլ: Ան կոչ ըրաւ Հայաստանի իշխանութեանց, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու միջազգային արշաւին, իսկ Սփիւռքին՝ շարունակելու պահանջատիրական աշխատանքը: Ան նաեւ առաջադրեց Ցեղասպանութեան հարցը ներկայացնել Համաշխարհային ատեան:
Դարձեալ Եղեռնի 95ամեակի ոգեկոչման Միացեալ մարմինէն Լենա Մանուկեան ըսաւ. «Վերջին ամիսներու բոլոր իրադարձութիւնները եւ թշնամիի անօգուտ ջանքերը՝ մեր դատը նսեմացնելու, մեզ առաւել կը զօրացնեն եւ պայքարի կը մղեն. ահաւասի՛կ, մանաւանդ այսպիսի օրով, այստեղ կը կանգնինք ոչ թէ անցեալը ողբալու, այլ մեր միացեալ աշխատանքներով ներկայի եւ գալիք տարիներու փառայեղ յաղթանակները արձանագրելու»։ Շեշտելէ ետք Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու համար «աննահանջ պայքար»ի կարեւորութիւնը, ան եզրակացուց ըսելով. «Եկէք համահայկական ճիգերով հզօրացնենք մեր միասնականութիւնը եւ ամէնուրեք եւ մշտապէս աշխարհի հանրութեան ներկայանանք իբրեւ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ եւ մէկ Դատ»»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.