ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հինգշաբթի օր, Քալիֆորնիոյ առողջապահական ապահովագրութեան մարզի մեծագոյն ընկերութիւնը հանդիսացող «Էնթըմ Պլու Քրոս»ը յայտարարեց, թէ որոշած է չեղեալ համարել իր յաճախորդներուն ամսական վճարումները 39 տոկոսով բարձրացնելու որոշումը, որ զայրոյթի ալիք մը բարձրացուցած էր ու հետապնդումներու առջեւ դուռ բացած: Հետապնդումերը բացայայտեցին, թէ ընկերութիւնը վճարումները բարձրացնելու որոշումը տուած էր հիմնուելով «լրջօրէն սխալ» տեղեկութեանց վրայ: Յատկանշական է նաեւ, որ նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընկերութեան ապահոված շահը 51 տոկոսով աճած է, հակառակ անոր, որ ընկերութիւնը կը պնդէր, թէ պարտադրուած էր գիները բարձրացնելու՝ իր ծախսերը փակելու համար:
Մտահոգիչը սակայն այն է, որ այս յաղթանակը, կամ աւելի ճիշդ՝ անարդարութեան սրբագրումը, շատ հաւանաբար տեղի պիտի չունենար, եթէ գիները բարձրացնելու որոշումը տրուած ըլլար տնտեսական աւելի լաւ պայմաններու մէջ: Այս մէկը լաւ առիթ մըն է մտածելու, թէ բարօրութեան հետ եկող ապահովութեան եւ հանգիստի թմրեցնող զգացումները որքանո՞վ զինաթափ կ՛ընեն մեզ: