Քառասուն տարի առաջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, «Ասպարէզ» իր հայերէն բաժինին հետ սկսաւ հրատարակելու անգլերէն էջեր:
Անցեալ դարասկիզբին Ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ նախապէս ալ Օսմանեան ճնշումներէն փախուստ տուածներու ու այս ափերուն վրայ ապաստան գտած հայախօս սերունդի թոռները ընդհանրապէս մեր համայնքէն հեռանալու, ձուլուելու վտանգը կը դիմագրաւէին. անոնցմէ շատեր արդէն իսկ կորսնցուցած էին իրենց ազգային դիմագիծը, մոռցած իրենց պատկանելութիւնը, անհաղորդ դարձած էին իրենց ազգային-մշակութային հարստութեան եւ հայերէն լեզուին:
«Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի առաջադրանքը այս գործընթացին դէմ պայքարիլն էր, փորձել՝ ազգին գիրկը վերադարձնել համայնքէն հեռացողները, վերականգնել անոնց հետ հաղորդակցութեան կամուրջները, թէկուզ՝ ոչ-մայրենի լեզուով:
Նոյն առաջադրանքով այսօր կը շարունակէ գործել «Ասպարէզ»ի անգլերէն շաբաթաթերթը:
Նոյն առաջադրանքը, առաւել արդիւնաւէտութեամբ, այսօր «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինը յառաջ կը տանի՝ իր ընթերցողներուն մատուցելով թարմ ու ամբողջական լրատուութիւն, քաղաքական վերլուծութիւններ եւ երիտասարդ սիւնակագիրներու ներդրումով առաւել հարստացած ճոխ բովանդակութիւն:
Ժամանակակից հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման հետ քայլ պահելով՝ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինը համայնքին կը մատուցէ նաեւ հրատապ լրատուութեան ամէնօրեայ հաղորդում՝ համացանցի ճամբով՝ հազարաւոր անգլիախօս հայորդիներու կեանքին անբաժանելի մաս դարձնելով հայկական իրականութիւնը, մեր հայրենիքը ու անոր հետ առնչուող քաղաքական զարգացումները:
Յաւելեալ զոհողութիւններու գնով, «Ասպարէզ» իր ընթերցողներուն կը մատուցէ գունաւոր էջեր, որոնք մեծապէս գնահատուած են բաժանորդներուն կողմէ:
Կենսունակ հրատարակութիւն մըն է քառասունամեայ անգլերէն «Ասպարէզ»ը: Անոր էջերուն մէջ ձուլումը, աղէտի սուգը տեղ չեն գտներ, այլ ազգային գիտակցութեան, ազգային ինքնութեան հպարտանքն է, որ մշտական ներկայութիւն է հոն:
Կը շնորհաւորենք «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի ծնունդը, կը մաղթենք անոր նորանոր իրագործումներ, կը մաղթենք, որ անոր ամէնօրեայ թողարկումները հասնին մայրենի լեզուէն կտրուած մէն մի հայ երիտասարդի: Այս հաղորդակցութիւնը, իր վերջոյ, կրնայ ըլլալ միակ միջոցը, միակ ճանապարհը՝ այդ երիտասարդները վերադարձնելու նաեւ իրենց մայրենիին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.