ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդդիմադիր «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումէն առաջ կը ծրագրէր Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական գործողութիւններու սկսիլ, սակայն Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, վերջին վայրկեանին միջամտելով՝ դէմ դրած է ծրագրի գործադրութեան:
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան աղբիւրները մերժեցին հաստատել կամ դրժել այս լուրը: «ՄԻԹը վերջին պահուն կանխեց Իլհամ Ալիեւի պատերազմը» խորագիրով հրապարակման մէջ, «Ենի Մուսաւաթ» գրած է, որ «Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (ՄԻԹ) միջամտութիւնը տեղի ունեցած է մօտ մէկ տարի առաջ։ Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, որ ատիկա տեղի ունեցած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրութիւններու ստորագրումէն առաջ։ Թուրքիան, կանխելով Ատրպէյճանի ծրագիրը՝ կասեցուց նաեւ Հայաստանի հետ սկսուած գործընթացի ձախողումն ու իր հեղինակութեան խաթարումը։ Պաքուի եւ Անգարայի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան էութիւնն ու գաղտնիքը կապուած է ճիշդ այդ հարցին հետ։ Եթէ Ատրպէյճանը այդ ժամանակաշրջանին ռազմական գործողութեան սկսէր, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը ամբողջովին պիտի ձախողէր»։
«Հիւրրիյէթ»ը, իր կարգին վկայակոչելով ՄԻԹի աղբիւրները, կը գրէ, որ ներկայ փուլին մէջ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն պիտի չհրապարակէ ատրպեճանական օրաթերթի պնդումներու առնչութեամբ, եւ հնարաւոր պիտի չըլլայ յստակացնել թերթին հրապարակման իսկութիւնը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցին առնչութեամբ պարզապէս յայտարարած է. «Մենք կողմ ենք խնդիրները երխօսութեան միջոցով կարգաւորելու ընտրանքին», անուղղակիօրէն դէմ արտայայտուելով տագնապը ռազմական միջոցով լուծելու փորձերուն։
«Ենի Մուսաւաթ» թերթը կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիան այսօր եւս «պիտի կասեցնէ Ատրպէյճանը», եթէ այս վերջինը ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծել։
Ըստ թերթին, Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահին մեծ պատիւներով հիւրընկալելու Թուրքիոյ որոշումը շատ հաւանաբար կապուած է Ատրպէյճանի ռազմական քայլերը կասեցնել միտող Թուրքիոյ քաղաքականութեան:
Իր կարգին, թուրք վերլուծաբան Պուրչու Փունսման կասկած յայտնած է, թէ Ալիեւ «նման վտանգաւոր քայլի մը մասին լրջօրէն մտածած կրնայ ըլլալ»: Ան աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան շրջանին մէջ տիրող կայունեթէն ամենամեծ շահը ապահոված երկիրն է, եւ այդ պատճառով, հաւանական չէ, որ ան փափաքի նման քայլերով վնաս հասցնել շրջանի կայունութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.