ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար ու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Արազ Ազիմով Ատրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է, թէ «Հայաստան Պաքուին փոխանցած է, թէ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերուն մէկ մասէն ուժեր հեռացնելու համար յաւելեալ ժամանակ պէտք է»։ Ան նաեւ անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման նախապայմաններուն։ «Թուրք-հայկական սահմանները կրնան բացուիլ միայն Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հինգ շրջաններէն եւ Լաչինի անցքէն հայկական ուժերու հեռացման պայմաններուն տակ։ Այդ մէկը թուրք-հայկական համագործակցութեան պայմաններ պիտի ստեղծէ, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ եռակողմ առեւտրական յարաբերութիւններ։ Այս բոլոր պայմանները մերժելով՝ Հայաստան ամէն ինչ կորսնցուց։ Հայաստան, նախագահ Սարգսեանի կամ ոեւէ ուրիշ մէկուն քաղաքական տեսակէտներուն պատճառով, լաւ հեռանկարներ կրնայ կորսնցնել», ըսած է ան։
Ազիմով յայտնած է, որ պէտք է ստեղծուին ատրպէյճանցիները Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձնելու պայմաններ, որոնցմէ ետք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի գործադրէ շրջանին տնտեսութիւնը վերականգնելու ծրագիրներ։
Ազիմով յայտնած է, որ ներկայիս այդ մէկը անկարելի է եւ աւելցուցած, որ Լեռնային կարգավիճակը պէտք է ճշդուի Ատրպէյճանի սահմանադրութեան ծիրին մէջ: «Այդ մէկը պէտք է իրականանայ հանգրուան առ հանգրուան։ Աղտամի, Ֆիզուլիի, Ճեպրայիլի, Զանգելանի, Ղուբադլիի շրջաններն ու Լաչինի միջանցքը պէտք է ազատուին։ Հայաստան կ՛ըսէ, թէ Լաչինէն եւ Քելբաջարէն իր ուժերը հեռացնելը ժամանակի կը կարօտի։ Այդ ժամանակը պէտք է ճշդուի։ Համանախագահները (Մինսկի խմբակի) այս հարցով առաջարկ մը ունին։ Ան պէտք է ճշդէ ոչ միայն Լաչինէն եւ Քելբաջարէն հեռացումը, այլ նաեւ ատրպէյճանցիներու Ղարաբաղ վերադարձի ժամանակացոյցը։ Հինգ շրջաններու առաւել Լաչինի միջանցքի ազատումը, նոյն փաստաթուղթին ճամբով պէտք է օրինականայ»։
Պատասխանելով այս մասին հարցումի մը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան ըսած է. «Երբ Ադրբեջանը պատրաստ կը լինի վերադարձնել իր կողմից գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի շրջանները եւ ճանաչել ԼՂՀ անկախութիւնը, երբ կը ձերբազատուի միջնադարեան մտածելակերպից եւ գործելաոճից, այդ ժամանակ, Բաքուն կարող է խնդրել ԼՂՀին քննարկումներ ծաւալել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերի շուրջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.