ԼՈՆՏՈՆ, «Զաման».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու համոզուած է, որ Հայաստանն ու Թուրքիան մօտակայ ամիսներու, նոյնիսկ շաբաթներու ընթացքին համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն։ Ըստ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Բրիտանիոյ մէջ թուրք մտաւորականներու հետ հանդիպման մը ընթացքին նախարարը յայտարարած է. «Հայ-թրքական գործընթացը չէ մահացած, թրքական կողմը այդ մէկը պիտի չարտօնէ»:
Տաւութօղլուի կարծիքով, գործընթացը ետ շրջել կարելի չէ: «Գործընթացը ներկայիս դադար առած է, սակայն մօտիկ ամիսներուն, նոյնիսկ շաբաթներու ընթացքին, համաձայնութիւն կարելի է գոյացնել», ըսած է ան: Սակայն, ըստ անոր, առանց Ատրպէյճանի շահերը հաշուի առնելու, Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ կարելի պիտի չըլլայ հաստատել:
«Եթէ Ղարաբաղի մէջ զինուած հակամարտութիւն մը սկսի, ապա սահմանները, որոնք պէտք է բացուին, դարձեալ պիտի փակուին», յայտարարած է Տաւութօղլու՝ աւելցնելով, որ եթէ Հայաստանը հրաժարի «բռնագրաւուած» որոշ շրջաններէն, թրքական հասարակութիւնը պիտի յաղթահարէ հոգեբանական արգելքը եւ սահմանները պիտի բացուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.