ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, թէ Պաքու հրաժարած է Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջնորդ դարձնելու գաղափարէն: «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու կազմի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է հակամարտութեան երկու կողմի, այսինքն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութիւնը։ Այս պարագային Հայաստանը դէմ է Թուրքիոյ այս կազմին մէջ ընդգրկման, ինչ որ ան բազմաթիւ անգամ յայտարարած է», ըսած է նախարարութեան բանբերը՝ պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Պաքուն համանախագահներու կազմին մէջ ընդգրկելու անհրաժեշտութեան մասին քանի մը յայտարարութիւններէ ետք չէ ներկայացուցած այդ առնչութեամբ պաշտօնական առաջարկ մը։
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեսթերենքօ, անդրադառնալով վերոյիշեալ հարցին՝ յայտարարած էր, որ Ռուսիան՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներէն մէկը, համանախագահներու կազմին մէջ Թուրքիոյ ընդգրկման վերաբերեալ Ատրպէյճանէն պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած։ «Անհրաժեշտ է առնուազն հակամարտութեան բոլոր կողմերու համաձայնութիւնը։ Հաշուի առնելով, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերալ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը առկախուած է, հազիւ թէ կարելի է իրապէս ակնկալել նման համաձայնութիւն», ըսած էր Նեսթերենքօն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.