ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 5ին կայացած է «Արարատից Սիոն» շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն մասին հեղինակ Մեսրոպ քհնյ. Արամեանը յայտնած է. «Այս ֆիլմը հայ ժողովրդի կինոանձնագիրն է եւ պատրաստուած է մեզ աշխարհին ներկայացնելու համար»։
«Արարատից Սիոն»ը փաստագրական շարժանկար է, որ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի դերն ու ներդրումները մարդկութեան պատմութեան մէջ եւ հոգեւոր ներկայութիւնը Սուրբ երկրի կեանքին մէջ: Այնտեղ գործածուած պատմական տուեալներուն զգալի մասը պահպանուած չէ հայ պատմագրութեան մէջ. հոն, մեր ինքնութեան կարեւոր նշխարներ ու վկայութիւններ կը ցուցադրուին առաջին անգամ ըլլալով: Ըստ քահանայ Արամեանի, շարժանկարը իր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին կը բացայայտէ հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը:
««Արարատից Սիոնը» արժանապատուութեան կոչ է հայերին, որպէսզի ճանաչենք ինքներս մեզ, տէր դառնանք մեր պատմութեանը եւ դուրս գանք փոքրութեան բարդոյթից», նշած է անոր հեղինակը՝ աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Սուրբ երկրի կեանքին մէջ։
Ըստ շարժապատկերի բեմադրիչ Էտկար Բաղդասարեանի, շարժապատկերին մէջ ոչ մէկ հայկական աղբիւր ներկայացուած է: «Ֆիլմը դիտելուց յետոյ մարդկանց մեծամասնութեան մօտ հարց էր առաջանում, թէ ի՞նչ ենք մենք կորցրել», ըսած է Է. Բաղդասարեան:
Անոր հաւաստումով, շարժապատկերը արդէն իսկ մտած է միջազգային ութ փառատօններու եզրափակիչ մրցանակային փուլ: Այնուհետեւ, կը ծրագրուի զայն ցուցադրել ամերիկեան, եւրոպական եւ ռուսական հեռատեսիլի ալիքներով:
«Բոլոր ազգերը թող իմանան, որ քրիստոնէութիւնը մեզ համար գոյութեան հարց է եղել», ըսած է շարժապատկերներու հովանաւոր ընկերութիւններէն «Viva Cell-MTS»ի տնօրէն Ռ. Եիրիկեանը՝ նշելով, որ ընկերութիւնը կանգնած է նման ծրագիրներու կողքին: Իսկ միւս հովանաւորներէն՝ «Flagship Ventures» ամերիկեան ընկերութեան տնօրէն Նուպար Աֆէյեանը յայտնած է, թէ սփիւռքահայերը ծարաւ ունին նման նիւթերու։
Նշենք, որ «Արարատից Սիոն»ի բնօրինակը անգլերէն լեզուով է եւ նիւթը կը կարդայ հոլիվուտեան դերասան Էյտան Քուինը: Շարժապատկերին մէջ կը հնչէ համաշխարհային հռչակ ունեցող երաժշտական հանճար Լիզա Ճերարտի ձայնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.