ՊՈԹՍԸՆ.- Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս հայկական նախակրթարանի 4րդ եւ 5րդ կարգի աշակերտները վերջին քանի մը տարիներուն պատանիներու յատուկ եւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքեր կարդալով՝ աւելի մօտէն կը ծանօթանան մեր պատմութեան ահաւոր այդ էջերուն: Անոնք սովորաբար նախ կը կարդան Ցեղասպանութեան նուիրուած շարք մը վիպակներու հեղինակ գանատա-ուքրանացի հեղինակ Մարշա Ֆորչուք Սքրայփուչի գիրքերէն «Արամի ընտրանքը» գործը, որ հիմնուած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Օնթարիօ (Գանատա) հասած հայ պատանիներէն («Ճորճթաունի տղոց») մէկուն՝ Գէորգ Գէորգեանի պատմութեան վրայ: 5րդ դասարնին, անոնք կը կարդան Տէյվիտ Խրտեանի «Տունէն ճամբան» հատորը, որ հիմնուած է պատմական Հայաստանէն Ամերիկա հասած հեղինակին մօր պատմութեան վրայ:
Այս տարի, աշակերտները առիթ ունեցան ներկայ գտնուելու Նիւ Ճըրզիի «Համազգային»ին նախաձեռնութեամբ եւ Հրանդ Մարգարեանի բեմադրած «Ճորճթաունի տղոց» թատերգութեան, ինչպէս նաեւ հանդիպեցան վարժարանը այցելած հեղինակ Սքրայփուչին հետ: Այս երկու հանդիպումները աշակերտներուն մօտ աւելի եւս տպաւորիչ դարձուցին իրենց կարդացած գիրքերուն պատմութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.