ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հինգշաբթի, Մայիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr.) տեղի պիտի ունենայ Արմինէ Գունտաքճեանի հեղինակած հատորին՝ «Հայրենադարձների բռնաճնշումները ստալինեան ժամանակաշրջանում» գործին ներկայացումը:
Հատորին եւ զայն պատրաստելու աշխատանքին մասին հայերէնով պիտի խօսի հեղինակը, որ Պարսկաստան ծնած է եւ քիմիագիտութեան եւ ուսուցչական մարզերու մէջ մասնագիտացած: Ան քիմիագիտութեան դասախօս եղած է ու գործօն մասնակցութիւն բերած է հայկական քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն: Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր (1991), ան տարին առնուազն քանի մը ամիս Հայաստան կ՛ապրի:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել (818) 881-0010 թիւին կամ դիմել info@arpainstitute.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.