
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մայիս 15ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ Էլեն Սեմերճեանի անգլերէն բանաստեղծութեան նոր հրատարակուած հատորին՝ «In The Architecture of Bone»ին, ներկայացումը եւ հատորէն բանաստեղծութիւններու ընթերցումը հեղինակին կողմէ: Հեղինակը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Արփի Սարաֆեանը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Գրախանութին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին, իսկ հատորէն օրինակ մը գնելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/10402.html համացանցային կայէքջը: