ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանին նորակառոյց «Միհանեան» մարզադաշտին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 16ին, կ.ե. ժամը 2ին:
Բացման պաշտօնական արարողութեան կողքին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն. պիտի ըլլան նաեւ երաժշտութիւն եւ երեխաներու յատուկ խաղեր: Առիթ պիտի ըլլայ արձանագրուելու 2010-2011 տարեշրջանին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.