
ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Հայ իրաւանց խորհուրդին, Ուրբաթ, Մայիս 7ին, Ալթատինայի «Պէշկէօթէրեան» սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave.), երեկոյեան ժամը 7:30ին, տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, ուր Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութեան մասին պիտի խօսի թուրք պատմագէտ Թաներ Աքչամ: Մուտքը ազատ է: