ԷՆՍԻՆՕ.- Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտը կազմակերպած էր «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ»ը, որուն մասնակցութիւն բերաւ աւելի քան 400 հոգի: Անոնց մէջ կային 5էն 73 տարիքի պատկանող մասնակիցներ:
Կիրակի, Ապրիլ 25ին տեղի ունեցած հեծելարշաւը սկսաւ «Ֆերահեան» վարժարանէն ու 14 մղոննոց ճամբուն ընթացքին գրաւեց շատերու ուշադրութիւնը:
ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտի անդամ Ալին Քարակէօզեան բացատրեց, թէ ձեռնարկին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել ցեղասպանական արշաւները եւ շեշտել անոնց ճանաչման կարեւորութինը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.