ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 27ին կայացած Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հռչակագիր մը, որուն մէջ յատկապէս կը շեշտուի, թէ Փասատինայի պետական վարժարաններուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդութիւնը կրթաշրջանի դասանիւթերու կարեւոր նիւթերէն մէկն է:
Ժողովին ներկայ էին Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու Փասատինայի ՀԵԴի «Նիկոլ Դուման» ուխտին ներկայացուցիչները:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան ողջունեց հռչակագիրը եւ աւելուց, թէ որոշումը դարձեալ ցոյց կու տայ, որ քաղաքը լրջօրէն պաշտպան կը հանդիսանայ մարդկային իրաւանց:
Ժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու Ալիս Պետրոսեան յուզումով խօսեցաւ Ցեղասպանութեան օրերուն իր ընտանիքի փորձառութեանց մասին: Ելոյթներ ունեցան նաեւ Սուզան Պէրպէրեան, Մարալ Թաշճեան-Նաճարեան եւ Ռաֆֆի Համբարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.