ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանի տարածքին գտնուող թունաւոր նիւթերու գերեզմանոցին մէջ արտակարգ իրավիճակ յառաջացած է. բաց երկինքի տակ յայտնուած են լուրջ բնապահպանական վտանգ ներկայացնող թունաւոր նիւթեր: Հինգշաբթի օր կայացած կառավարութեան նիստին որոշուած է պահուստային հիմնադրամէն 31.6 միլիոն դրամ յատկացնել գերեզմանոցի ծածկի, ջրահեռացման համակարգի եւ ցանկապատի վերականգնման աշխատանքին:
Կառավարութիւնը յանձնարարած է նաեւ արտակարգ իրավիճակներու, բնապահպանութեան եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն, որ յառաջիկայ 6 ամիսներուն ընթացքին պատրաստեն խնդիրին վերջնական լուծում տուող ծրագիր մը:
Նուբարաշէնի թունաւոր նիւթերու գերեզմանոցին մէջ խորհրդային տարիներուն թաղուած է աւելի քան 500 թոն «թունաքիմիկատ»: Գերեզմանը կը գտնուի այնպիսի տարածքի մը վրայ, ուր հողը կը սահի, որուն պատճառով ալ, տարիներու ընթացքին հողաթումբը բաւական իջած է՝ շրջակայ միջավայրը յայտնելով բնապահպանական աղէտի շեմին:
«Այդ ամբողջ թոյնը կաթի, մսի հետ գալիս է հէնց մեր սեղանին: Սա բնապահպանական լուրջ աղէտ է», «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնած է «Յանուն կայուն մարդկային զարգացման» ընկերակցութեան նախագահ, բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.