ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդուն էութեան կեդրոնը սիրտը ըլլալուն մասին հիներու ըմբռնողութիւնը բացատրող բազմաթիւ վկայութիւններ կան ազգերու պատմութեանց մէջ: Աստուածաշունչը, Աստուծոյ ներգործութեամբ երկնաւոր պատգամները մարդկութեան փոխանցելուն հետ, աշխարհի հնագոյն ազգերէն մէկուն պատմութիւնն ալ իր մէջ բովանդակելով, ցոյց կու տայ թէ հին ժամանակներուն, մարդոց ըմբռնումը այն էր, թէ սիրտն է մարդ էակին զգացականութեան կեդրոնը: Սաղմոսներու գիրքին մէջ հեղինակը կը խնդրէ Աստուծմէ «փորձել» իր երիկամունքներն ու «քննել» իր սիրտը՝ իբրեւ կեդրոն իր զգացմանց եւ խորհուրդներուն (Հմմտ Սղ 26.2):
Նոյն այս հին ըմբռնումին մնացորդ պէտք է նկատել, խօսակցական լեզուին մէջ մարդկային սիրտին մասին եղած արտայայտութիւնները: «Սիրտէն խօսիլ», «սիրտը կոտրել», «սիրտին չխօսիլ», «սիրտ(ը) առնել», «սիրտը ցաւցնել», «սիրտ խառնել», «սիրտը ելլել», «սիրտէն զարնուիլ», եւ նման այլ արտայայտութիւններ սիրտին կենսական դեր ունենալուն մասին ըլլալէ աւելի, անոր կեդրոնական դերակատարութիւն ունենալուն մասին տրուած վկայութիւններ են, որոնք հին ժողովուրդներու մարդակազմութեան ըմբռնումներուն մաս կը կազմէին:
Վերոյիշեալ ըմբռնումներու այս ցուցակին ուղղակի մաս չի կազմեր, սակայն, արտայայտութեան նոյն ոճը ունի՝ «սիրտ գողնալ» բացատրութիւնը, որ ամբողջութեամբ տարբեր իմաստով կը գործածուի: Մէկուն «սիրտը գողնալ»ը, զանազան իրավիճակներու մէջ իր իմաստը կը փոխէ նաեւ: Այսպէս, անիկա կրնայ տարբեր ըմբռնուիլ, երբ անձ մը ի՛նք կ՛արտասանէ զանիկա ինք իրե՛ն համար, դիմացինին ըսելով՝ «սիրտս գողցար», այսինքն՝ ի վերջոյ համոզեցիր զիս քու ծրագրիդ հետեւելու: Ուրիշ պարագաներու, երբ հակառակ սեռի պատկանողը կը յաջողի միւսը ներգրաւել, անոր «սիրտը գողցած» կ՛ըլլայ ու իր գերիշխանութեան ենթարկած: Սիրտի այս «գողութեան» կը նախորդէ անշուշտ «սիրտին խօսիլ»ը, «սիրտին դպչիլ»ը եւ ուրիշ արտայայտութիւններ, որոնք ամէնքն ալ մարդու զգացական աշխարհին խօսնակներն են, ու անոր յատուկ բառապաշարը կը ներկայացնեն:
Եօթներորդ արուեստին մէջ յաճախ բեմադրիչներ կենդանատեսակներու ճոխ ընտրանի մը ունենալով իրենց տրամադրութեան տակ, դերեր կը վստահին անոնց: Երբեմն, համակարգչային արհեստագիտական միջոցներով, կենդանիներու դունչի շարժումները կառավարելով, անոնց բերանը խօսքեր կու տան, այն տպաւորութիւնը թողելով որ անասունները ասուն դարձած են: Այսպիսով, մարդոց հետ զրոյցի կը մտնեն անոնք, կը վիճաբանին, երբեմն անհամաձայն կը գտնուին ըսուածներուն, կամ՝ իրենց կամքը կը պարտադրեն, զգացականութիւն կ՛արտայայտեն, կը բարկանան, եւ այլն:
Բեմադրիչներու մտադրութիւնը այս պարագային, ո՛չ թէ անպայման կենդանիները ասուն դարձնելու գերմարդկային «կարողութիւն» ցուցադրելն է, այլ մանաւանդ ակնդիրները դաստիարակելը՝ տարբեր կենդանիներու բնազդային բնաւորութիւնները մարդոց օրինակ ծառայեցնելու դիտաւորութեամբ: Այսպէս, կարգ մը շարժապատկերներու մէջ, ձիեր կը խօսին իրենց տէրերուն հետ այնպիսի հաւատարմութեամբ ու հնազանդութեամբ, որուն նմանողութիւնը դժուար կարելի ըլլայ յայտնաբերել մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Թռչնազգիներու կամ հաւազգիներու մէջ եւս կան այնպիսիներ, որոնց գաղթն ու վերադարձը, բոյն հիւսելու եւ աւերուածը վերաշինելու բնազդը, նոյնիսկ մոխիրներուն տակէն վեր յառնելու փիւնիկին կամքը, դարձեալ օրինակ իբրեւ կը ծառայեն մարդոց:
Հաւազգիներուն մէջ կայ սակայն կաքաւը, որուն բնաւորութեան մէջ ի սկզբանէ կայ ուրիշին ածած հաւկիթները գողնալու բնազդը: Զանոնք գողնալէ ետք, զարմանալիօրէն, չի՛ կոտրեր, ո՛չ ալ վնաս կը հասցնէ անոնց: Այլ, ի՛ր բոյնը տանելով, թուխսի կը նստի անոնց վրայ, մինչեւ ձագուկներուն դուրս գալը…: Սակայն, բնութիւնը այնպիսի զգացողութիւն դրած է իւրաքանչիւր տեսակին մէջ, որ անոնցմէ ո՛չ մէկը միւսին հետ կրնայ շփոթուիլ: Բնական է, այդ գողցուած հաւկիթներէն դուրս եկած ձագուկները տեսած չեն ըլլար իրենց բուն մայրը, սակայն երբ կը լսեն անոր ձայնը, կամ գէթ իրենց տեսակին պատկանող այլ մայր թռչունի ձայն, անմիջապէս կը հետեւին անոր, անտեսելով ու հեռանալով կաքաւէն, որ այդքան «նեղութիւն կրած էր» թուխսի նստելով եւ սպասելով իրենց դուրս գալուն…:
Ահա՛ կենդանական աշխարհին դասը մարդկութեան, որ ցոյց կու տայ ուրիշին ածած հաւկիթները գողցող կաքաւին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումը «ի՛ր իսկ ձագուկներուն» կողմէ:
Մարդկային կեանքի մէջ եւս կայ գող, բացի նիւթական հարստութիւն գողցող աւազակներէն, որուն մասնագիտութիւնն է մարդու սիրտ գողնալը: Աստուած մարդկային սիրտը արարեց, ու զայն ի պահ դրաւ մարդու մարմինին մէջ: Զգացումներու հետ բաբախող մարդկային սիրտը յաճախ մտածումներ կ՛արտաբերէ, որոնք տուեալ կացութեան դիմագիծը կամ ազդեցութիւնը կը կրեն: Երբեմն անոնք չար մտածումներ կ՛ըլլան եւ երբեմն ալ՝ բարի: Չար մտածումներն են որոնք պատճառ կը դառնան սիրտի գողութեան, եւ յանկարծ անիկա Աստուծոյ պատկանելու վիճակէն դուրս կու գայ: Վերջապէս ուրիշ տեղ չեն պահուած մեր մտածումները, եւ ուրիշ տեղէ ծագում չեն առներ, եթէ ոչ՝ սիրտէն, ինչպէս Յիսուսի մտածողութեան մէջ այնքան յստակութեամբ տրուած է մեզի (Հմմտ Մր 7.21-23):
Սիրտերու գողութիւնը, սակայն, որոշ ժամանակաշրջանի համար է: Մինչեւ Քրիստոսի աշխարհ գալը, համայն աշխարհի մարդկութեան սիրտը գողցուած էր: Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, իր անձը իբրեւ փրկագին տալով, վերստին ձեռք ձգեց բոլորը: Մեր ապրած յետ-Քրիստոսեան այս ժամանակաշրջանին, ճիշդ է որ յաճախ մենք ալ թող կու տանք որ «գողցուին» մեր սիրտերը, երբեմն ակամայ կաքաւի բոյնին մէջ կը մտնենք ու գիտակցաբար թէ անգիտակից՝ կը զգանք անոր թուխսի ջերմութիւնը մեր երակներուն մէջ, սակայն երբ դուրս գանք անկէ, ու լսենք մեր Տիրոջ քաղցր ձայնը, շուտով կռնակ կը դարձնենք մեր նախորդ տիրոջ: Այն՝ որ նոյնիսկ կը յաւակնէր մեր ծնողը ըլլալ, քանի մը օր մեզ խնամած ըլլալու սին ինքնախաբէութեամբ:
Այս պարագային ամէնէն կարեւորը, գողին մեր սիրտը գողնալու արտօնութիւն չտալն է, որ պիտի ճշդէ չափանիշը մեր հաւատքի ու բարոյական տոկունութեան: Սիրտի գողը, գիտէ նաեւ տեսնել ու գտնել տկար սիրտ ունեցողները: Անոնք, որոնք կեանքի հաճոյքներէն դիւրաւ կը տարուին, եւ ապագան կ՛ուզեն ապրիլ ներկային մէջ: Այնպիսի մարդիկ, որոնց սիրտը միայն այսօրուան համար կը տրոփէ, ու վաղուան մասին դոյզն մտահոգութիւն իսկ չունին:
Ամուր հաւատքը, ու բարոյականութեան կամքը պողպատեայ ձեռնակապեր են, որոնք կը շղթայեն սիրտի գողին սեւ ձեռքերը, ու ամօթահար զինք կը նետեն այն զնտանը, ուր մնալու դատապարտուած էր սկիզբէն: Իմաստութիւն է նաեւ, գողերու հետ բնա՛ւ գործ չունենալը: